«Ռէալ Մատրիտի Պարտքը 72 Միլիոն Եւրօ Է Եւ Ոչ Թէ 602» Ըսաւ Փերես
Ա
նդրադառնալով շրջան ընող եւ իրականութեան չհամապատասխանող լուրերուն` Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ.
«Մեր ակումբին ունեցած պարտքը ոչ թէ 602, այլ 72 միլիոն եւրօ է, եւ մենք կը փորձենք այդ թիւը փոքրացնել:
Ամբողջ աշխարհի մէջ կը հիանան մեզմով, իսկ կարգ մը մարդիկ իրենց վրայ պատասխանատուութիւն կը վերցնեն թերթերէն մէկուն մէջ նշելով, որ մենք աննախադէպ պարտքեր ունինք: Այդպիսի մարդիկ, որոնք կը փորձեն մեզի տկարացնել, երբեք պիտի չհասնին իրենց նպատակին»:
CATEGORIES Մարզական

