Տեպուչի Երեք Ամիս Պիտի Բացակայի Արսենալի Կազմէն
Արսենալի կեդրոնի յետսապահ Մեթիու Տեպուչի, որ Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին ընթացքին (13 սեպտեմբեր) վիրաւորուեցաւ, երեք ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց լոնտոնեան ակումբին պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ ֆրանսացի միջազգային ֆութպոլիստ Տեպուչի, որ նախորդ յուլիսին միացաւ Արսենալի, լքելէ ետք իր կազմը Նիւքասըլը (փոխան` 19,6 միլիոն ամերիկեան տոլար), ցարդ իր ակումբին հետ դաշտ ներկայացաւ եօթը անգամ:
Այս շաբաթավերջին «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արսենալ հիւսիսային լոնտոնեան տերպիի մրցումին պիտի հիւրընկալէ Թոթենհամ Հոթցփըրը:
CATEGORIES Մարզական

