Ակնարկ Մը Պոլսահայ Դպրաց Դասի Եւ Երգչախումբերու Կազմութեան Մասին
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՔԷՕՍԷԵԱՆ
Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբը ելոյթ կ՛ունենայ Լիբանանի մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Սոյն ակնարկով կը ներկայացնենք պատմական հոլովոյթը Պոլսոյ դպրաց դասերու ընդհանրապէս եւ «Վարդանանց» երգչախումբի մասին յատկապէս:
Յայտնապէս դպրաց դասի երգչախումբերը ներկայ գոյավիճակը ստանալու համար տառապանքի ու պայքարի երկար տարիներ անցուցած են:
Հարկ է շեշտել, թէ եռանդուն ու նուիրեալ աշխարհականներու կարգին, գտնուած են նաեւ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, որոնք կրցած են տեսնել այս նուիրեալ միութիւններուն օգտակարութիւնը եւ զօրավիգ կանգնած են անոնց կազմութեան:
18-րդ դարու սկիզբէն առաջ կազմակերպեալ դպրաց դասերու յիշատակութիւններ չկան: Ի բաց առեալ երեք դպրաց դասերու` Գումգափուի մայր եկեղեցւոյ (1719թ.), Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ (1703թ.), եւ Պալաթու Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ (1730թ.):
1811 փետրուար 5-ին դպրաց դասերու յատուկ առաջին կանոնագիրը լոյս կը տեսնէ Սուրբ Աստուածածին տպարանէն. «Կանոնական կոնդակ դպրաց Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ» անունով:
Կը յաջորդեն խառն ու անկայուն տարիներ: Բայց եւ այնպէս մեր կրօնական (դպրաց դասերու) կեանքին մէջ, օրուան յառաջդիմական գնացքին պատշաճելու ջանադիր անձեր ու յամառ պահպանողականներ ոչ միայն լրագրական սիւնակներու մէջ, այլեւ եկեղեցիներու շրջափակը եւ նոյնիսկ եկեղեցիներու մէջ արարողութիւնը մինչեւ իսկ կիսատ ձգելու աստիճան, բանավէճեր յարուցած են բազմաձայն երգեցողութեան եւ երգեհոնի նուագի առթիւ:
1906-ին Գումգափուի մայր եկեղեցւոյ դպրաց դաս Եկմալեան եռաձայն երգելու համար շուրջ 70 հոգինոց խումբ մը կազմուած է` երաժշտագէտ Գրիգոր Մեհթերեանի առաջնորդութեամբ: Նոյն թուականին զուգադիպող դպրաց դասի երգչախումբեր կազմուած են Ղալաթիոյ, Պէշիկթաշի, Սկիւտարի մէջ եւ այլուր:
Հանրապետական Թուրքիոյ հռչակումէն (1923թ.), տարի մը ետք կը կազմուի առաջին երգչախումբը Գումգափուի մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասուն կարգ մը անդամներու կողմէ, «Գողթան» անունով:
1924-ին, Եշիլգիւղի մէջ եւս կազմուեցաւ «Սահակ-Մեսրոպ» անունով երգչախումբ մը` Եղիա Կիւմիւշեանի նախաձեռնութեամբ:
1925-ական թուականներուն Պէշիկթաշի մէջ կը տեսնենք «Նարեկացի» անունով բազմաձայնի երգչախումբ մը:
1932-ին Ֆերիգիւղի «Վարդանանց»-ը եւ աւելի վերջերը, 1940-ական թուականներու, Պալաթու Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ «Հրեշտակապետ» երգչախումբերը կազմուեցան:
1940-ին այժմու «Թարգմանչաց» անուն երգչախումբը ծնունդ առաւ:
Այսօր դժուար է իրարմէ զատել դպրաց դասերն ու երգչախումբերը, որոնք զիրար լրացնող, իրարմով ամբողջացնող միութիւնները են եւ կը բաւարարեն մեր հոգեկան եւ գեղարուեստական պահանջները` խանդ ու կենսունակութիւն տալով մեր համայնքային կեանքին:
Ստորեւ, ներկայիս գոյութիւն եւ գործունէութիւն ունեցող երգչախումբերը` իրենց հիմնադրութեան թուականներուն եւ թաղերուն հետ միասին:
1.- «Ասողիկ», 1926, Պէյօղլու: Խումբը երկսեռ է ու կ՛երգէ Եկմալեան, քառաձայն: Առաջին վարիչը եղած է Ներսէս Խիւտավէրտեան:
2.- «Գողթան», 1924, Գումգափու: Խումբը` արական. սկզբնական շրջաններուն Եկմալեան եռաձայն երգած է, ներկայիս կոմիտասեան քառաձայն կ՛երգէ:
3.- «Դուրեան», 1943, Պալաթու: Խումբը արական է ու կ՛երգէ կոմիտասեան, բազմաձայն:
4.- «Զուարթնոց», 1936, կետիքփաշա: Խումբը ատեն մը երկսեռ եղած է, բայց այժմ արական է: Կ՛երգէ կոմիտասեան, քառաձայն:
5.- «Թարգմանչաց», 1940, Օրթագիւղ: Խումբը արական կազմ ունի եւ կ՛երգէ կոմիտասեան բազմաձայն:
6.- «Լուսաւորիչ», 1929, Թաքսիմ: Խումբը արական կազմ ունի եւ կ՛երգէ կոմիտասեան, բազմաձայն:
7.- «Խաչատուրեան», 1966, Ենիգիւղ: Առաւելաբար դպրեվանքի սաներուն կողմէ հիմնուած այս երգչախումբը դպրեվանքի հիմնադիր Խաչատուրեան պատրիարքին անունը կը կրէ:
8.- «Կեդրոնական», 1971, Ղալաթիա: Անդամներուն մեծամասնութիւնը եւ վարիչը «Կոմիտաս» երգչախումբի նախկին անդամներ եղած են: Խումբը երկսեռ է ու կ՛երգէ Եկմալեան ու կոմիտասեան, բազմաձայն:
9.- «Կոմիտաս», 1918, Գուրուչեշմէ: Խումբը արական կազմ ունի. կ՛երգէ կոմիտասեան:
10.- «Հռիփսիմեանց երաժշտասիրաց», 1944 – 1946, Պէօյիւքտերէ: Խումբը միաձայն կ՛երգէ:
11.- «Նարեկացի», 1932, Պէշիկթաշ: Այժմու կազմը երկսեռ է ու կ՛երգէ Եկմալեան, քառաձայն:
12.- «Նարլըգափու», դպրաց դաս: Միաձայն, մայր եղանակ կ՛երգէ:
13.- «Սահակեան», 1938, Սամաթիա: Երկսեռ ու արական կազմով կ՛երգէ: Վարիչն է Պետրոս Գամճեան:
14.- «Սահակ-Մեսրոպ», 1936, Եշիլգիւղ: Խումբը կ՛երգէ կոմիտասեան: Առաջին վարիչը եղած է Խաչիկ Սուճեան:
15.- «Սայաթ Նովա», 1972, Պոյաճըգիւղ: Երկսեռ խումբ, կ՛երգէ Եկմալեան, քառաձայն:
- «Ս. Թագաւոր», 1938, Գատըգիւղ: Խումբը արական է:
- «Ս. Կարապետ», 1918, Սկիւտար Նոր թաղ: Երգչախումբը հիմնած ու առաջին վարիչը եղած է Վարդան Սարգիսեան: Կ՛երգէ կոմիտասեան, քառաձայն:
18.- «Սկիւտար միացեալ», 1941, Սկիւտար Սելամսըզ:
19.- «Վարդավառ», 1932, Գումգափու Դրսի: Արական կազմ ունեցող այս երգչախումբը կ՛երգէ կոմիտասեան:
20.- «Քառասուն Մանկանց», 1930, Պագըրգիւղ: Տեղական հանգամանք ունեցող այս խումբը կ՛երգէ կոմիտասեան:
Յարաճուն արտագաղթը, թաղէ թաղ փոխադրութիւնները եւ այլ յարափոփոխ պայմանները հետզհետէ կը դժուարացնեն նաեւ դպրաց դաս-երգչախումբերու աշխատանքները: Այսօր, տօնական եւ կիրակի օրերը եկեղեցիներու մէջ եղող շարականագէտներու թիւը զգալի կերպով պակսած է:
Քաղուած «Շողակաթ»
Տարեգիրք 1973
«ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ
ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ
1909-ին հիմնուած է իբրեւ դպրաց դաս: 1932-ին կազմաւորուած է իբրեւ արական բազմաձայն երգչախումբ: Կատարած է կոմիտասեան եւ Եկմալեան պատարագներու բազմաձայն երգեցողութիւնները` նախ իբրեւ արական, իսկ հետագային իբրեւ խառն երգչախումբ:
1985-էն սկսեալ, հոգեւոր երաժշտութեան առընթեր, ներկայացած է հանրութեան սինֆոնիք ստեղծագործութիւններով, տարբեր համերգասրահներու մէջ (տեղական ու միջազգային):
2003-ին ներկայացուցած է Մոցարթի «Ռեքուիեմ»-ը:
2005-2006 տարիներուն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան հրաւէրով այցելած է Ս. Երկիր, կատարած է սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը Սուրբ Յակոբայ մայր տաճարի եւ Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ:
2009-ին «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի եւ Շահան Արծրունիի դաշնակի ընկերակցութեամբ համերգ մը ունեցած է Մաչքա Մատեն Ֆաքիւլթէի ամփիթատրոնին մէջ:
2010-ին, կատարած է Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ անդրանիկ սուրբ պատարագին երգեցողութիւնը:
2011-ին երգչախումբը կատարած է Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման առիթով սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը:
Երգչախումբը օգոստոս 2012-ին իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօնին, Հայաստանի մէջ: Նոյն տարուան նոյեմբերին Միւնիխի մէջ աշխարհիկ համերգով ներկայացած է Գերմանիոյ երաժշտասէրներուն: Ապա, մէկտեղուելով Նիւրենպերկի հայ համայնքին հետ, կատարած է օրուան սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը:
Պէտք է նշել, որ 1985-էն սկսեալ երգչախումբին վերոնշեալ յաջողութիւնները կարելի կը դառնան շնորհիւ ձեռնհաս վարիչ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի:

