Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Վէճի մը միջամուխ մի՛ ըլլաք ուղղակիօրէն երկխօսութեան հետեւեցէք եւ ձեր կարծիքը մի՛ յայտնէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անքնութիւն, յոգնածութիւն, անհաճոյ մթնոլորտ. հարկ է հանգստանալ եւ պաշտպանուիլ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դէմ յանդիման պիտի գտնուիք հովուերգութեան մը հետ. մի վարանիք, բախտը ձեզի հետ է

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մոռցէք անցեալի անախորժ դէպքերը, երկրորդ բախտ մը ձեզի կը ժպտի, առիթը օգտագործեցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Յաճախ միջամուխ կ՛ըլլաք զանազան հարցերու, չափաւոր եղէք եւ աւելի շահաւոր կ՛ըլլաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կրճատեցէք ձեր ծախսերը, ինչ որ անօգուտ եւ աւելորդ է, մէկ կողմ դրէք եւ կարեւոր պէտքերը հոգացէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դատարկ բաներով մի՛ զբաղիք. կեանքը լեցուն է իմաստալից ապրումներով, վայելեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Թեթեւ անհանգստութիւն մը ունիք լուրջ հարց մը չէ,  կրնաք դիմագրաւել:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բարեկամ մը ձեր օգնութեան պէտք ունի, ձեռք երկարեցէք անոր, եթէ նոյնիսկ հաճելի չէ ձեզի:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր աշխատանքին մէջ պատահած կարգ մը անհաճոյ հարցերը սիրով ընդունեցէք կեանքը այդքան ալ դիւրին չէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արտասահմանէն հաճելի եւ դրական նամակ մը պիտի ստանաք, որուն սիրով պիտի պատասխանէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր կեանքին մէջ անհաճոյ փոփոխութիւն մը պիտի մտահոգէ ձեզ, այս ուղղութեամբ խօսեցէք վստահելի բարեկամի մը, որ ձեզի պիտի կարենայ օգնել:

Share this Article
CATEGORIES