50 Տարի Առաջ (26 Սեպտեմբեր 1964)
«Սավիեմ Շոսոն… Դիւրավար`
Փոքր Ինքնաշարժներու Նման»,
Կ՛Ըսեն Շարժավարները
Երկուշաբթի կէսօրէ ետք կրցանք հիացումով դիտել պատկառելի զանգուածը 39 «Սավիեմ Շոսոն» նոր օթոպիւսներուն, որոնք արդէն իսկ հասած են Պէյրութ եւ կը ներկայացնեն առաջին յանձնումը 150 կառքերու, որոնք սպասարկութեան պիտի դրուին մեր մայրաքաղաքին մէջ:
Կրցանք նաեւ տեսնել, իրենց օթոպիւսներուն առջեւ` ժպտուն եւ հպարտ ընտրուած շարժավարները, որոնք պիտի վարեն այս կառքերը, եւ որոնց դիւրին վարժութիւնը այս օթոպիւսներուն, եւ արագ ռեֆլեքսը հիացում կը պատճառեն իրենց մարզումին համար մասնաւոր կերպով յատկացուած մարզիչներուն: Հանրակառքի գրասենեակի խորհրդական Ֆեռերօ մեզի յայտարարեց, թէ բազմիցս առիթը ունեցած է հիանալու արագ իւրացումին մեր շարժավարներուն, որոնք մեծամասնութեամբ կը յայտնեն, թէ այս օթոպիւսները փոքր ինքնաշարժներու չափ դիւրին է քշել:
Տոմսեր
Արարա
Անուն մը, որ բարձունք մըն է մեր պատմութեան մէջ ու պիտի մնայ միշտ հայուն հերոսական ոգիին ճառագայթը արձակելով բոլոր սերունդներուն:
Այդ հերոսամարտին ոգեկան լոյսը եւս յայտնուեցաւ դժոխային քաոսին մէջ Ա. Աշխարհամարտին, ուր մեր ժողովուրդը, բնաջնջումի անդունդին եզերքը հասած, կը թուէր, թէ պիտի կորսնցնէր ոսկեղէն կապը իր դարաւոր գոյութեան պատմութեան հետ:
Ջախջախուած իր հայրենի երկրին մէջ, լքուած իր բարեկամներէն` հայութիւնը անգամ մը եւս հարկը կը զգար` իր պանծալի նախահայրերուն` Հայկի, Վարդանանց յիշատակներէն ներշնչուելով, ցոյց տալու աշխարհին, թէ հայը բնաջնջուող ժողովուրդը չէ եւ իր երակներուն մէջ կը կրէ նոյն արիւնը, զոր իր նախահայրերը թափեցին անխնայօրէն ասորական թէ պարսկական, թաթարական կամ բիւզանդական ու հռոմէական կայսրութեանց ամեհի ուժերուն դէմ, թէեւ կոտորակուած` սակայն յաջողեցան բանալ ճանապարհը հայութեան, իր յաւիտենական գոյութիւնը պատմութեան մէջ շարունակելու համար:
ԱՐԱՐԱ հրաւէր մըն էր հայ ժողովուրդի ամէնէն քաջարի զաւակներուն ամէնէն ընտիրներուն` դարձեալ խորտակելու համար պատմութեան, մահաբեր հոսանքներուն ստեղծած անանցանելի արգելքները եւ խորտակելու զանոնք` հայ ոգիին գերակշիռ ուժով:
ԱՐԱՐԱյի հերոսները լսեցին ու զգացին պատմութեան այդ կոչը եւ անվեր` խոյացան անարգ թշնամիին դէմ:
Անոնց հետ էր հայութեան յոյսը:
Անոնց հետ` ազգային պատիւն ու հերոսութեան համբաւը:
ԱՐԱՐԱյի երկինքը հայ զէնքի քաջութեան լոյսով պայծառացաւ, որ պայծառացուց` մինչեւ հեռաւոր երկիրներու մէջ ապրող վշտահար ու խորտակուած պանդուխտ հայերու սրտերը:
ԱՐԱՐԱյի հերոսամարտը հաստատում մըն էր, թէ հայ ոգին կը վերապրէր ու կը յաղթանակէր:
Մէկուկէս միլիոն նահատակներու արժանաւոր արենակիցները դարձեալ կը բարձրացնէին հայութեան հաւատքի ինկած խաչը` անապատներու արիւնոտ գողգոթայէն:
Հաւատքը կը ճառագայթէր` ցեղին յարութեան նոր արշալոյսներու կարելիութեան:
ԱՐԱՐԱ դարձաւ նոր ժամանակներու մեր պատմութեան հրաշունչ խօսնակը, որ վերականգնեց վշտի «մոխիր»ներուն տակ պահ մը ընկճուած ցեղին կրակոտ ուժը, եռանդն ու վստահութիւնը` առաջնորդելով ազգը նոր յաղթութիւններու, մինչեւ մայիս 28-ի յարութիւնը:
Փա՜ռք յաւերժական Արարայի անկորնչելի հերոսներուն:
ԳԻՍԱՒՈՐ

