Տարբեր Դիտանկիւն Մը. Մանուկներ Կ՛ամչնան Գիրք Կարդալու
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՆՈՒԱԶ ԹԻՒՈՎ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ԳԻՐՔ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ Կ՛ԱՄՉՆԱՆ ԳԻՐՔ ԿՐԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ: ԱՅՍ ԵՐԵՒՈՅԹԸ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԳՐԱՃԱՆԱՉՈՒԹԵԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻՆ ՎՐԱՅ, ԻՆՉՊԷՍ Կ՛ԵԶՐԱԿԱՑՆԵՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂՆԵՐԸ: «ՏԸ ՏԷՅԼԻ ԹԵԼԵԿՐԱՖ» Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՄՏԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇՐՋԵԼՈՒ ԿՈՉԵՐՈՒ:
Վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ տարուէ տարի կը նուազի թիւը 8-16 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու, որոնք կ՛որոշեն վէպ մը կարդալ դպրոցէն դուրս:
Բրիտանիոյ Ազգային գրաճանաչութեան հիմնադրամին կողմէ հրապարակուած տուեալներ կը նշեն, թէ 10 մանուկներէն եւ պատանիներէն միայն 3-ը այժմ ամէն օր գիրք կը կարդայ իր ազատ ժամերուն: Համեմատութիւնը 10-էն 4 էր 7 տարի առաջ:
Բազմաթիւ մանուկներ կը հրաժարին կարդալէ նաեւ շաբաթաթերթեր եւ կայքէջեր: Քոմիքսի ժողովրդականութիւնը նկատառելի համեմատութեամբ պակսած է 2005-էն ի վեր:
Ուսումնասիրողներ կը զգուշացնեն, թէ մանուկներ եւ պատանիներ սկսած են հետզհետէ խուսափիլ գրաւոր բառէն եւ կը նախընտրեն պատկերասփիւռ դիտել կամ համակարգիչի խաղեր խաղալ:
Այս եզրակացութիւնները կը հետեւին այս տարուան սկիզբը անուանի կենսագիր Քլեր Թոմալինի կատարած այն զգուշացումին, թէ բազմաթիւ մանուկներու կեդրոնացումի տեւողութիւնը այնքան կարճ է, որ անոնք չեն կրնար կարդալ «Օլիվըր Թուիսթ»-ի, «Է Քրիսմըս քերըլ»-ի, «Կրէյթ Էքսփէյթէյշընզ»-ի եւ «Է Թէյլ աֆ թու սիթիզ»-ի նման վէպեր:
Նորագոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, 6 մանուկէն մէկը կը խոստովանի, թէ չափազանց կ՛ամչնայ իր բարեկամներուն դիմաց կարդալու, որովհետեւ կը վախնայ արտասովոր նկատուելէ:
Ուսումնասիրողներ կ՛ըսեն, թէ «անհրաժեշտ» է, որ մանուկներ ժամանակ տրամադրեն կարդալու, որովհետեւ յստակ կապ մը գոյութիւն ունի դասէ դուրս ընթերցանութեան եւ կրթական մակարդակի միջեւ:
Այն մանուկները եւ պատանիները, որոնք օրական դրութեամբ կը կարդան տան մէջ, 13 անգամ աւելի հաւանական է, որ գրաճանաչութեան մէջ արձանագրեն իրենց տարիքէն սպասուած մակարդակէն աւելի բարձր արդիւնքներ:
Բրիտանիոյ Ազգային գրաճանաչութեան հիմնադրամի տնօրէն Ճոնաթըն Տակլըս Բրիտանիոյ կառավարութենէն կը պահանջէ պետական մակարդակի վրայ զօրակցիլ պայքարի մը` կասեցնելու համար ընթերցանութեան նահանջը եւ «մանուկներուն շնորհելու կարդալու ժամանակ` իրենց առօրեայ կեանքին մէջ»:
«Այն իրողութիւնը, թէ մանուկներ նուազ կը կարդան, քան` 2005-ին, ցոյց կու տայ մտահոգիչ փոփոխութիւն մը մանուկներու գրաճանաչութեան վարժութեան մէջ», կ՛ըսէ ան:
«Կը հաւատանք, թէ պէտք է ներշնչել նոր սերունդը, որպէսզի կարդայ, այնպէս ինչպէս Ողիմպիական խաղերը նոր սերունդին կը ներշնչեն, որպէսզի մարզական խաղերու մասնակցին»:
«Պէտք է ընթերցանութիւնը վերածենք անդիմադրելի բանի մը: Պէտք է ընտանիքներու եւ մանուկներու հետ աշխատող արհեստավարժներու կոչ ուղղենք, որ ամէն օր 10 վայրկեան յատկացնեն ընթերցանութեան»:
Ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է նախակրթարանի եւ երկրորդականի 21 հազար աշակերտներ ընդգրկող վիճակագրութեան մը վրայ, որ կատարուած է երկար ժամանակի ընթացքին:
Անիկա 2005-ին ի յայտ բերած էր, թէ աշակերտներուն 38.1 առ հարիւրը կը կարդար իր ազատ ժամերուն: Համեմատութիւնը 37.7-ի իջած էր 2007-ին, 32.2-ի` 2009-ին եւ 30.8-ի` 2011-ին, երբ վիճակագրութիւնը վերջ գտած էր:
Ուսումնասիրութիւնը ի յայտ բերած է, թէ հարցապնդուած աշակերտներուն 54 առ հարիւրը կը նախընտրէր պատկերասփիւռ դիտել, քան թէ` կարդալ:
«Այս յայտնաբերումներուն ամբողջութիւնը մտածել կու տայ, թէ մանուկներուն ազատ ժամերուն առնչուած լուրջ հարց մը գոյութիւն ունի. բազմաթիւ մանուկներ հաճոյք կը զգան կարդալով, սակայն կարդալէ կը հրաժարին` այլ զբաղումներ ընտրելով», կ՛ըսէ ուսումնասիրութեան արդիւնքը:
Այն աշակերտները, որոնք ըսած են, թէ դասարանէն դուրս կը կարդան, 47.8 առ հարիւր համեմատութեամբ կը կարդան երեւակայական պատմութիւններ: Համեմատութիւնը 51.5 առ հարիւր էր 2005-ին:
Նահանջած է նաեւ ընթերցանութեան այլ նիւթերու ժողովրդականութիւնը: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ մանուկներուն 57 առ հարիւրը շաբաթաթերթ կը կարդայ. համեմատութիւնը 77.5 առ հարիւր էր 2005-ին: Անոնց 50.4 առ հարիւրը կայքէջեր կը կարդայ. համեմատութիւնը 63.8 առ հարիւր էր 7 տարի առաջ: Այսօր մանուկներուն 27.9 առ հարիւրը քոմիքս կը կարդայ. համեմատութիւնը 50.6 առ հարիւր էր 2005-ին:
Բրիտանիոյ կրթական նախարարութեան մէկ բանբերը կ՛ըսէ. «Վիճակագրութեան արդիւնքները զարմանալի չեն եւ ցոյց կու տան, թէ պէտք է շարունակենք քաջալերել ընթերցանութեան սէրը մանուկներուն մէջ»:
«Կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մանուկներուն ուշադրութիւնը ցրուող բազմաթիւ պատճառներ կան, հետեւաբար գրականութեան դերը որեւէ ժամանակէ աւելի կենսական է»:
«Մանուկներ պէտք է կարենան տիրապետել կարդալու հիմնական կարողութիւններուն, այնքան կանուխ, որքան կարելի է. նախակրթարանէն սկսեալ, որպէսզի ժամանակի ընթացքին կարենան պեղել կախարդական եւ հզօր գիրքեր, ինչպէս` «Փրայվէթ էնտ փաուըրֆուլ» եւ «Հերի Փոթըր», իսկ աւելի ուշ` «Լորտ աֆ տը ֆլայզ», «Էնիմըլ ֆարմ» եւ Չարլզ Տիքընզի գործերը:
«Այս պատճառով է, որ նախակրթարանի առաջին դասարանին համար սահմանեցինք տառաճանաչութեան պարզ քննութիւն մը, որպէսզի երաշխաւորենք կարդալու հիմնական կարողութիւններու տիրապետումը»:

