Տարբեր Դիտանկիւն Մը. Ինչպէ՞ս Քննադատել Ազնուօրէն

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985critic1«ՈՐՔԱ՞Ն ԲԱՐԵՀԱՄԲՈՅՐ ԿԱՐԵԼԻ Է ԸԼԼԱԼ, ԵՐԲ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԵՆՔ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻ ՄԸ ՏԵՍԱԿԷՏԸ»: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ ՏԱՆԻԸԼ ՏԵՆԵԹԻ ԽԵԼԱՑԻ ՁԵՒՈՎ ՎԻՃԱՐԿԵԼՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ:

«Բարոյական կամ գիտական տեսակէտներու մասին վիճարկելու ժամանակ ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ հասնիլ ճշմարտութեան, եւ ոչ թէ` յաղթել ձեր հակառակորդին: Այսպէս, երբեք չէք կորսնցներ վիճարկութիւն մը եւ կը կատարէք նոր յայտնագործութիւն մը», խորհուրդ տուած է Արթըր Մարթին` 1866-ին, զրոյց մը զարգացնելու արուեստին մասին: Անշուշտ միշտ չէ, որ այսպէս կը վիճինք համացանցի վրայ, թէ` համացանցէ դուրս, սակայն մանաւանդ երբ ի գործ կը դնենք բարոյագիտական զէնքերը` թաքնուած համակարգիչին ստեղնաշարին ետին: Այս ձեւի «քննադատութիւնը» իրականութեան մէջ հակազդելու սպառնալիք մըն է եւ ոչ թէ` պատասխան մը: Կ՛արժէ այստեղ մէջբերել Մարք Թուէյնի հռչակաւոր այն ակնարկութիւնը, թէ`  «քննադատին խորհրդանիշը պէտք է ըլլայ բզէզը, որ իր հաւկիթները կ՛ածէ ուրիշի մը աղտոտութեան մէջ, այլապէս չի կրնար ածել զանոնք»: Սակայն պայման չէ, որ այսպէս վիճինք: Բարեհամբոյր ձեւով քննադատելու ձեւեր գոյութիւն ունին: Կարելի է «հասնիլ ճշմարտութեան» եւ ոչ թէ` «յաղթել», կարելի է ամէն գնով չպարտադրել ճիշդը, այլ` հասկնալ եւ յառաջ մղել հաւաքական գիտակցութիւն մը:

985criticՏանիըլ Տենեթ, զոր արհեստական գիտակցութեան ռահվիրայ Մարվին Մինսքի կոչած է «մեր լաւագոյն ներկայ փիլիսոփան» եւ «յաջորդ Պերթրընտ Ռասըլ»-ը, կը կատարէ պատշաճ հարցադրում մը, որ կը պեղէ խորքը այսօրուան մշակոյթին բնորոշ մէկ երեւոյթին, թէ` ամէն ոք քննադատ մըն է: Տենեթ հարց կու տայ. «Որքա՞ն բարեհամբոյր կարելի է ըլլալ, երբ կը քննադատենք հակառակորդի մը տեսակէտը»: Իր «Ինթուիշըն փամփս էնտ ատըր թուլզ ֆոր թինքինկ» գիրքին մէջ, որ կը վերաբերի սխալներ գործելու արուեստին կամ գիտութեան, Տենեթ կ՛առաջարկէ «լաւագոյն հակաթոյնը` մեր հակառակորդը ծաղրելու հակամէտութեան դէմ»: Ան կը ցանկագրէ շարք մը օրէնքներ, որոնք ձեւաւորուած են տասնամեակներ առաջ` առասպելի կարգ անցած հոգեբան եւ խաղերու տեսաբան Անաթոլ Ռափոփորթի կողմէ` զարգացնելու համար յաջող քննադատութիւն մը:

ա. Պէտք է փորձել այնքան յստակ, ցայտուն եւ արդար ձեւով վերարտադրել մեր հակառակորդին կեցուածքը, որ ան ըսէ. «Շնորհակալ եմ, պիտի ուզէի այս ձեւով դնել հարցը»:

բ. Պէտք է թուել այն կէտերը, որոնց շուրջ համաձայն ենք, մանաւանդ եթէ անոնց շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւն գոյութիւն չունի:

գ. Պէտք է նշել որեւէ բան, որ սորված ենք մեր հակառակորդէն:

դ. Միայն ասկէ ետք իրաւունք ունինք մեր տարակարծութիւնը յայտնելու կամ քննադատական խօսք մը ըսելու:

Ինչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ կենցաղավարական այս օրէնքը կիրարկուէր նաեւ համացանցի վրայ, մանաւանդ` կարծիքներու ազատ արտայայտութեան այն սիւնակներուն մէջ, զորս կարելի չէ ջնջել:

Սակայն, փոխանակ միամիտ կերպով երազային կամ անտեղի կերպով խանդավառ մօտեցում ցուցաբերելու վիճարկութեան` Տենեթ կը նշէ, թէ ասիկա իրականութեան մէջ հոգեբանական առողջ ռազմավարութիւն մըն է, որ կարելի կը դարձնէ յատկանշական իրագործում մը. անիկա մեր հակառակորդը կը դարձնէ աւելի տրամադիր` լսելու մեր քննադատութիւնը կամ տարակարծութիւնը, ինչ որ իր կարգին կը նպաստէ քննարկում մը զարգացնելու:

Share this Article
CATEGORIES