Տարբեր Դիտանկիւն Մը. Ինչո՞ւ Քերականութեան Պաշտպան Իմաստակները Կը Սխալին

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985gramԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԷՋ ԽՈՒՍԱՓԻԼ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐԷՆ: ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՇՏՊԱՆՆՆԵՐՈՒ ԹԱՓԱԾ ԱՄԲՈՂՋ ՄԱՂՁԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ԿԸ ԹՈՒԻ ԸԼԼԱԼ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԷՋԲԵՐԷ ՀԱՏՈՒԱԾ ՄԸ` ՍԹԻՒԸՆ ՓԻՆՔԸՐԻ «ՏԸ ՍԵՆՍ ԱՖ ՍԹԱՅԼ» ԳԻՐՔԷՆ, ՈՐ ԿԸ ՆՇԷ ՇԱՐՔ ՄԸ ԱՅԼ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼՆԵՐ ԼԱՒ ԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ:

Շատեր կարծր կեցուածքներ ունին լեզուի գործածութեան վերաբերեալ: Անոնք գիրքեր եւ յօդուածներ կը գրեն` դատապարտելով լեզուի գործածութեան ձեւը, ձայնասփիւռի յայտագիրներ կ՛ընդմիջեն` յայտնելու համար իրենց դժգոհութիւնը եւ` քննադատութիւններ ուղղելու: Անոնց մտահոգութիւնը լեզուի «ճիշդ գործածութիւնն» է, անգլերէնի օրէնքներու ճիշդ կիրարկումը. օրինակ` «լես» բառը կարելի չէ գործածել այն բաներուն համար, զորս կարելի է հաշուել, «ակրըվէյթ» բառը չի նշանակեր «ջղագրգռել» այլ` «վատթարացնել»:

Դժուար չէ պատկերացնել, թէ ինչպէս ծնունդ առած են այս մտահոգութիւնները: Ոմանց գրութիւններուն մէջ անկարելի է անտեսել լեզուի գործածութեան հարցերը: Ոմանք կը գրեն` առանց տեղեակ ըլլալու անգլերէնի տրամաբանութեան եւ պատմութեան կամ` զայն օրինակելի ձեւով գործածած գրագէտներուն ոճին: Անոնք ծանօթ չեն իմաստներու եւ շեշտերու նրբութիւններուն, տրամադիր չեն բառարան մը բանալու, կ՛առաջնորդուին իրենց բնազդով եւ ոչ` գիտական բծախնդիր մօտեցումով: Նման գրագէտներու համար լեզուն յստակութեան եւ վայելչութեան միջոց մը չէ, այլ` ընկերային խաւի մը մաս կազմելու ցուցանիշ մը:

Որո՞նք այսպէս կը գրեն: Հաւանաբար պիտի մտածէք, թէ կ՛ակնարկեմ Թուիթըրի վրայ ճռուողող պատանիներու կամ Դիմատետրի վրայ գրող համալսարանի առաջին տարուան ուսանողներու: Սակայն ես ի մտի ունիմ մաքրակրօնները, իմաստակները, ամբարտաւանները, աւանդապահները, ոստիկանները, խնամատարները, քերականութեան համար պայքարող նացիները, դարանակալ հետեւողները: Լեզուն մաքրազտելու եւ պաշտպանելու իրենց մարմաջով տարուած` անոնք դժուարացուցած են հաճելի ձեւով արտայայտուելու մասին մտածելը եւ պղտորած են գրելու արուեստը բացատրելու միջոցները:

Բարի Նպատակներով

Լեզուի բազմաթիւ մաքրակրօններ համոզուած են, թէ բառի մը գործածութեան միակ ճիշդ ձեւը անոր սկզբնական իմաստը պահելն է: Այս պատճառով անոնք կը շեշտեն, թէ «թրանսփայր» բառը կը նշանակէ միայն «ի յայտ գալ» եւ ոչ` «տեղի ունենալ», որովհետեւ կու գայ լատիներէն «սփիրարէ» բառէն, որ կը նշանակէ «շնչել» եւ սկիզբը գործածուած է «շոգի արձակելու» իմաստով:

Բառերու թիւր գործածութիւնը այնքա՛ն ընդհանրացած է, որ գոյութիւն ունի «ստուգաբանական սխալ» եզրը: Կարելի է զայն խորտակել` պարզապէս ակնարկ մը նետելով, օրինակ, անգլերէնի Օքսֆորտ բառարանին վրայ, որ ցոյց կու տայ, թէ սակաւաթիւ բառեր կը պահեն իրենց սկզբնական իմաստը: «Սիլի» բառը ժամանակին կը նշանակէր «օրհնեալ», ապա` «հաւատացեալ», աւելի ուշ` «անմեղ», մինչեւ` «խղճալի», «տկար» եւ այսօր` «անմիտ»: Իսկ Մերիըմ-Ուեպսթըր բառարանի խմբագիր Քորի Սթամփըր կը վիճի, որ եթէ «տեսիմէյթ» բառը պէտք է գործածել միայն «տասէն մէկը սպաննելու» իմաստով, ապա նաեւ պէտք չէ՞ «տիսեմպըր» բառը գործածել իր սկզբնական իմաստով, այսինքն` «տարուան 10-րդ ամիսը»:

Լեզուի կամակոր պաշտպաններուն վերջին ապաւէնը այն հաստատումն է, թէ ճիշդ գործածութիւնը աւելի տրամաբանական է, քան` այլընտրանքներու գործածութիւնը: Սակայն այս հաստատումը եւս կը նահանջէ: Լեզուական ամէնէն աւելի ընդհանրացած սխալները արդիւնք են տրամաբանական մտածողութեան, քան` սովորութեան վերածուած ձեւերու կիրարկումին: Օրինակ` «ինորմիթի» բառին գործածութիւնը` «ինորմըս» (վիթխարի) իմաստով, մինչդեռ անիկա կը նշանակէ «ահռելի»: Նման սխալներ «չափազանցուած տրամաբանութեան» հետեւանք  են եւ ցոյց կու տան գրականութեան անտեղեակութիւն: Անոնք կասկած կ՛արթնցնեն ընթերցողին մտքին մէջ, պէտք է ինքնաբարելաւումի մղեն զանոնք գործող անձը, սակայն կարելի չէ զանոնք նկատել տրամաբանութեան խախտում:

Երբ անուշադիր գրող մը կը փորձէ իր գրութիւնը զարդարել բարձրաթռիչ բառով մը, զոր կը շփոթէ իբրեւ սովորական բառի մը հոմանիշը, հաւանական է, որ ընթերցողը եզրակացնէ յոռեգոյնը. թէ` ան ծանօթ չէ բառին, թէ` աժան ձեւով փորձած է մշակուած գրիչի հովեր առնել, թէ` կ՛ապականէ լեզուի հասարակաց աղբիւր մը: Միւս կողմէ` բազմաթիւ բառեր երկիմաստ են, ինչպէս`  «լիթըրըթ», որ կը նշանակէ «գրաճանաչ» եւ` «գրականութեան ծանօթ». զանոնք կարելի է տարբերել` բովանդակութեան համաձայն: Լեզու մը բաւական լայն տեղ ունի բազմաթիւ իմաստներու, նաեւ անոնց, զորս գրագէտներ կը յուսան պահպանել:

Սկզբունքի Հարց

Թէեւ լեզուի ճիշդ գործածութիւնը հետապնդելը կարեւոր է, սակայն պէտք է նկատի ունենալ պայմանները: Ճիշդ է, որ այսօր գրագէտներ երբեմն կը կատարեն սխալ ընտրութիւններ: Սակայն նոյն ձեւով վարուած են անցեալի գրագէտները: Իսկ այսօրուան մաքրակրօններուն թիրախը` նորելուկ գրողները երբեմն կը գրեն իրապէս հոյակապ արձակ տողեր, կ՛ակնարկեն լեզուի ճիշդ գործածութեան եւ նոյնիսկ կը զարգացնեն իրենց յատուկ մաքրակրօն մօտեցումը` սրբագրելով նպարավաճառներու ցուցատախտակները:

Լեզուի ճիշդ գործածութեան համար թափուած ամբողջ մաղձը խորքին մէջ չնչին նշանակութիւն ունի լաւ գրութիւն մը զարգացնելու մէջ: Անիկա կ՛անշքանայ պատճառաբանուած եւ դասական ոճի գործածութեան ետին, ինչպէս նաեւ` մտաւորական խստապահանջութեան եւ գիտութեան անէծքէն անդին երթալու կարողութեան: Եթէ իրապէս կ՛ուզենք բարելաւել մեր գրելու որակը կամ որոտալ` այլոց գործած սխալներուն ի տես, պէտք է ուշադիր ըլլալ ոչ թէ քերականական օրէնքներու խախտումին, այլ` քննադատական միտքը ղեկավարող օրէնքներուն եւ բծախնդիր փաստարկումին:

Կարելի է լաւ գրելու մասին խորհուրդներ տալ` առանց արգահատանքի: Կարելի է թերութիւնները սրբագրելու լուծումներ առաջարկել` առանց ողբալու լեզուի աղաւաղումը: Կարելի է միշտ մտաբերել այն պատճառները, որոնք մեզ պէտք է մղեն լաւ ոճ մը զարգացնելու` խթանելու համար գաղափարներու տարածումը, մանրամասնութիւններու վրայ կեդրոնանալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` գեղեցկութիւն մը աւելցնելու աշխարհին:

(Յապաւուած)

Share this Article
CATEGORIES