Պոլսոյ Կայսերական Վառօդարանի Տատեան Վառօդապետները Եւ Անոնց Ճարտարագիտական Ժառանգը
ԿԱՐՊԻՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Օսմանեան արքունի վառօդարանը ամբողջ մէկ դար (1795-1895) ղեկավարած են Տատեան գերդաստանէն հինգ սերունդներ` յանձինս
Ա. Մահտեսի Առաքել Տատ ամիրա Տատեան Նիկողայոսի (1795-1812),
Բ. Սիմոն ամիրա Տատեան Առաքելի (1812-1832),
Գ. Յովհաննէս պէյ ամիրա Տատեան Առաքելի (1832-1869),
Դ. Պօղոս պէյ ամիրա Տատեան Սիմոնի (1832 -1861) եւ
Ե. Առաքել Սիսաք պէյ ամիրա Տատեան Յովհաննէսի (1869-1895):

Սիմոն ամիրա Տատեան (1770-1832) Յովհաննէս պէյ ամիրա Տատեան (1798-1869 ) Պօղոս պէյ ամիրա Տատեան (1800-1861 )
Եթէ Տատեան գերդաստանը ուղիղ մէկ դար կրցած է իրեն վերապահել վառօդապետի պաշտօնը, ուրեմն հետաքրքրական է իմանալ, թէ ինչպէ՛ս Առաքել Տատը եղած է առաջին ընտրեալը այդ պաշտօնին, եւ ի՛նչ ժառանգ ձգած են Տատեան սերունդները վառօդարանի ճարտարագիտական կառոյցին:
Տատեան գերդաստանը ճանչցուած է Մահտեսի Առաքել Տատով, սակայն Ակնայ առաջնորդ Պօղոս արքեպիսկոպոս կը վկայէ, իր ձեռագիրով եւ անձնական կնիքով, թէ Մահտեսի Առաքել Տատի արմատները խոր են 14 սերունդ, անոնք Ակն գաղթած են Սեբաստիոյ շրջանէն` իբրեւ Արծրունեաց Սենեքերիմ թագաւորի շառաւիղներ եւ ճանչցուած են իբրեւ Պէրոզեան (պէրօզներ). ինչ որ դիւրին է հետեւցնել, այն է, որ այս գաղթով Պէրոզի գերդաստանը կորսնցուցած է իր հողերը եւ գերդաստանի տնտեսութիւնը եղած է արհեստը` իբրեւ ապրելու միջոց, որ զարգանալով սերունդէ սերունդ, կատարելագործուած է Մահտեսի Յարութիւնին կողմէ, որ աչքի ինկած է Եփրատի վրայ կառուցած իր կամուրջով. վերջինս եղած է կամարակապ, հաստատ ժայռերու վրայ յենած եւ փայտաշէն ու մեծ բարիք եղած է ժողովուրդին` դիւրացնելով երթուդարձը Եփրատի երկու ափերուն միջեւ:
Մահտեսի Յարութիւնէն չորս սերունդ ետք գերդաստանը կը բախտաւորուէր Առաքել Տատով, ծնած` Կամարակապ-Ակն, 1753-ին. ան կ՛ըլլայ արհեստավարժ, շրջահայեաց, քաջ, գործի մէջ նետուող եւ փորձը սիրող անձնաւորութիւն մը. ուխտով կ՛այցելէ Երուսաղէմ եւ երկու անգամ Պոլիս կը գտնուի . կը կառուցէ երկու ջրաղաց եւ կամուրջ մը, որմէ ետք կը հաստատուի Պոլիս եւ զանազան պաշտօններ վարելէ ետք, 1795-ին սուլթան Սելիմ Գ.-ի հրամանով կը նշանակուի կայսերական վառօդարանի ընդհանուր տնօրէն: Մահտեսի Առաքել Տատ իր աշխատանքին ընթացքին հնարած է զանազան մեքենաներ, անուաւոր նաւակներ, ջրհաններ եւ բազմաթիւ այլ գործիքներ: Եկէք` փորձենք հասկնալ, բացատրել ու արժեւորել հնարուած այս զանազան մեքենաները եւ գործիքները, ինչպէս նաեւ անոնց ներդրումը վառօդարանին մէջ` իբրեւ Առաքել Տատի ճարտարագիտական ժառանգ:
Ուրեմն, նախքան Առաքել Տատի կողմէ հնարուած գործիքներուն եւ մեքենաներուն մասին խօսիլը, ճանչնանք վառօդը եւ վառօդարանի կառոյցը: Վառօդը (*) (gunpowder / baruthanes) քաղաքակրթութեան բառարանին մաս կազմեց մօտաւորապէս 1100 թուականին եւ շուտով դարձաւ բոլորին հետաքրքրութեան առարկան: Անիկա կը բաղկանայ երեք բաղադրիչներէ :
Ա. Հանքային էական աղը (75 առ հարիւր), որ ծանօթ է «սոլթփիթըր» անունով, եւ որուն քիմիական անուանումը ունէր երկու տարբերակ` potassium nitrile կամ calcium nitrile: Օսմանեան կայսրութեան մէջ անիկա կը ստացուէր հանքերէ, իսկ Եւրոպայի մէջ քալսիոմի կամ փոթասիոմի հետ մարդու ու անասուններու աղտոտութեան եւ մէզի խմորումով:
Բ. Ծծումբ (10առ հարիւր). կը ստացուէր հանքերէ կամ հանքային աղբիւրներէ:
Գ . փայտածուխ (15առ հարիւր). կը ստացուէր անտառային ծառերէ:
Լաւագոյն վառօդը չոր, մանրացուած փոշի եւ մաքուր խառնուրդն է. անիկա դիւրավառ է, վտանգաւոր, պայթուցիկ, իսկ անոր արտադրութիւնը` բաւականին դժուար, խոնաւութենէն շուտով կը փճանայ, իսկ չորութեան եւ մանրութեան շնորհիւ կը դառնայ դիւրավառ , պայթուցիկ ու արկածախնդրական:
Իսկ վառօդարանը (gunpowder mill) ճարտարագիտական կառոյց մըն է, ուր կը պատրաստուի վառօդը` նախ խառնելով անոր բաղադրիչները իրարու եւ նօսրացուելով յատուկ աղօրիքներով, ապա կը մաղուի մանր չափերու եւ լեցուելով անթափանց տակառներու մէջ կ՛ուղարկուի իբրեւ պատրաստ վառօդ :
Վառօդարանի կարեւոր եւ վտանգաւոր մասը կը կազմեն աղօրիքները: Անոնք մինչեւ 14-րդ դար եղած են հարուածող աղօրիքներ (stamp mill / mortars – pestles), որոնց ամանը կը շինուէր պրոնզէ, իսկ ծեծիչը` հաստատուն փայտէ: Աւելի ուշ անոնք փոխարինուած են գլանաձեւ անիւ աղօրիքներով (roller mill)` իբրեւ աւելի ապահով եւ արդիւնաւէտ (նկար 1 / 2):
(*) վառօդի իտէալ խառնուրդը կը կազմէ. հանքային աղ (74.64 առ հարիւր) / փայտածուխ (13.51 առ հարիւր) / ծծումբ (11.85 առ հարիւր):

(հարուածող աղօրիքներ) (գլանաձեւ անիւ աղօրիքներ)
Ինչ կը վերաբերի այս աղօրիքներու շարժիչ ուժին, անոնք եղած են.
Ա. Կենդանական քաշ` ինչ որ աւելի ծախսալից է եւ նուազ յուսալից (նկար 3):
Բ. Ջրանիւներ, որոնք աւելի արդիւնաբեր են, յուսալից, կայուն ու արագավազ (նկար 4 / 5):

(կենդանական շարժիչ) (ջրանիւ շարժիչ) (ջրանիւ շարժիչ)
Մեծ աղօրիքները ունեցած են 60 – 600 քկ կարողութիւն, իսկ փոքր աղօրիքները` միայն 20 – 25 քկ:
Օսմանեան կայսրութեան սուլթանները առաջին օրէն իսկ անդրադարձան վառօդի կարեւորութեան` իբրեւ կայսրութեան ընդարձակման միջոց եւ յարատեւման ու կայունութեան երաշխիք: Կայսրութեան ամբողջ տարածքին կառուցուեցան մեծ եւ փոքր բազմաթիւ վառօդարաններ, որոշուեցան պահեստի կեդրոններ` օգտագործելով Անատոլուի աղի պաշարները, Վանի շրջանի ծծումբի աղբիւրները եւ արեւելքէն արեւմուտք երկարող Փոքր Ասիոյ խիտ անտառները, ինչպէս նաեւ` հռոմէական ճամբաներու, կամուրջներու լայն ցանցը: 16 -17-րդ դարերուն վառօդարաններ զետեղուած էին Էրզրումի, Տիգրանակերտի, Օլթիի, Վանի, Բեքսի, Գահիրէի, Պաղտատի, Հալէպի, Դէմէնի, Պուտայի, Պելկրատի, Տեմեշուարի, Պաքրքէօյի, Կալլիփոլիի եւ Պոլսոյ մէջ: Վառօդարանները ըստ էութեան օժտուած էին հարուածող աղօրիքներով եւ ընդհանրապէս անոնց շարժիչ ուժը կը կազմէր կենդանական քաշը :
14 -15-րդ դարերուն օսմանական վառօդի ճարտարարուեստը զուգահեռ կ՛ընթանար եւրոպականին հետ եւ արդիւնաւէտ էր. սակայն ժամանակի ընթացքին անիկա դարձաւ ժամանակավրէպ` համեմատած եւրոպական վառօդին, որ գերազանցեց որակով, քանակով եւ իբրեւ ճարտարարուեստ վառօդարաններուն ճարտարագիտական զարգացումով. այս իրականութեան լաւագոյն վկան եղաւ Լեփանթոյի ճակատամարտը, որուն ընթացքին կայսրութիւնը ունեցաւ հսկայական կորուստներ, որմէ ետք լրջօրէն մտահոգուած` որոշեց զարգացնել վառօդի ճարտարարուեստը: 1794-ին Օսմանեան կայսրութիւնը Տեւքիի Ալրատիկ էֆենտիի առաջնորդութեամբ ձեռնարկեց վերանորոգման աշխատանքի մը` ներածելով եւրոպական մեքենաներ, գործիքներ` անգլիացի մասնագէտներու ճարտարագիտութեամբ ու օգնութեամբ, ուղղուած մասնաւորապէս Պաքրքէօյի, Կալլիփոլիի եւ Սելանիկի վառօդարաններուն, որոնք ձախողելով` հետագային վերածուեցան վառօդի պահեստանոցներու: Կայսրութիւնը ձեռնարկեց նաեւ նոր վառօդարանի մը կառուցման Ազատլիի շրջանին մէջ` Մարմարայի ափին: Այս վառօդարանին իսկական ճարտարագէտը եղաւ Առաքել Տատ Տատեան, որ հնարեց նոր մեքենաներ ու գործիքներ` մէկ քայլ առջեւ անցնելով եւրոպական ճարտարարուեստէն. այս վառօդարանը նախ եւ առաջ կ՛օգտագործէր ջրային ուժը իբրեւ շարժիչ. անիկա իբրեւ աղօրիքներ` ունէր տակառային աղօրիքները (barrel mill), որոնց հնարքը վերապահուած պէտք է ըլլայ Առաքել Տատին, աղօրիքներ, որոնք ուժի մէջ են մինչեւ օրս զանազան ճարտարարուեստներու մէջ. իսկ փոշիացած վառօդը կը մաղուէր ինքնաշարժ գլանաձեւ մաղերով, նոյնպէս Առաքել Տատի հնարած մեքենաներէն (նկար 6 / 7):

Ազատլի վառօդարանի համայնապատկերը Ազատլի վառօդարանի ներքնասրահները (տակառային աղօրիքները եւ գլանաձեւ մաղերը)
Թարգմանաբար կը մէջբերենք իրենց ներկայութեամբ աշխատանքներուն հետեւած եւրոպացի մասնագէտներու վկայութիւնը, ուր ըսուած է.
«Սուլթան Սելիմ Գ.-ի նախաձեռնութեամբ հիմնուած Պոլսոյ Ազատլի նոր վառօդարանը ամբողջանալէ ետք հանդիսացաւ օրուան ճարտարագիտութեամբ յագեցած գործարան մը, որուն արտադրական կարողութիւնը տարեկան կրնար հասնիլ 560 մեթրիք թոն վառօդի` 1800 թուականին: Ազատլի վառօդարանին ներքնամասերը եւ արտադրամասերը նորոյթ եւ լաւ դասաւորուած էին. եւ այս ջրաշարժիչ վառօդարանին նորաստեղծ տակառային աղօրիքները շինուեցան Առաքել էֆենտիի հնարքով ու ստեղծագործութեամբ, որ նկատուած է օրուան լաւագոյն ստեղծագործութիւնը իր յաջողակ աշխատանքով:
Պոլիս 1798»:
Առաքել Էֆենտիի հնարած մեքենաներն ու գործիքները միայն վառօդարանին չէին վերաբերէր: Ան իր արհեստավարժ ու բազմահմուտ հանճարով եւ լուծումներով մեծ ներդրում ունեցած է նաեւ ջրային ճարտարագիտութեան մէջ` իր կառուցած ջրաշարժիչներով եւ ջրանցքներ մաքրող անուաւոր նաւակներով ու ջրհաններով:

Հրացանի երկաթները ծակելու յատուկ մեքենան
Տատեան վառօդապետներու շարքէն աչքի ինկող եւ նշանաւոր է նաեւ Յովհաննէս Պէյ Ամիրա Տատեան: Ան կրտսեր զաւակն է Մահտեսի Առաքել Տատ Ամիրայի, ծնած է Ազատլի, 1798 փետրուարին, ստացած է տոհմային լուրջ կրթութիւն` իբրեւ ուսուցիչ ունենալով օրուան նշանաւոր հայկաբաններն ու Մխիթարեան հայրերը, սորված է յունարէն եւ այլ օտար լեզուներ: 1820-ին տեսուչ կը կարգուի Պէյքոզի թուղթի գործարանին, որմէ ետք կը պաշտօնավարէ վառօդարանին մէջ: 1828-ին կը հնարէ հրացանի երկաթները ծակելու յատուկ մեքենայ մը (նկար 8), որուն համար ինք եւ եղբայրը դրամական պարգեւներ կը ստանան արքունիքէն :
1832-ին, Սիմոն Ամիրայի մահէն ետք, կայսերական հրամանով Յովհաննէս պէյ Ազատլի վառօդարանին արքունի վառօդապետ կը նշանակուի, իսկ Այ-Սթեֆանոսի վառօդարանին վերատեսչութիւնը կը յանձնուի Պօղոս պէյին:
Յովհաննէս պէյ 1835-ին սուլթան Մահմուտի հրամանով իր զաւկին` Առաքել / Սիսակի հետ կ՛ուղեւորուի Եւրոպա, ուր շուրջ տարի մը կը կատարելագործէ իր մասնագիտութիւնը եւ վերադարձին արդիական կարգ ու սարքով կ՛օժտէ վառօդարանը: Կը հնարէ երկաթ ձուլելու գործիքներ, կը հիմնէ մետաքսի ու չուխայի գործարաններ, որոնց մեքենաները բերելու համար 1842-ին եւ 1847-ին կրկին կ՛ուղեւորուի եւրոպա . 1856-ին Յովհաննէս եւ Պօղոս ուլայի աստիճան եւ պէյութեան տիտղոս կը ստանան:
Յովհաննէս պէյ Տատեան բնաւորութեամբ բարի էր, խղճամիտ եւ արդար, կը սիրէր օգնել, հանրանուէր եւ ազգասէր անձ մը ըլլալով` ան երկար տարիներ ծառայած է իր հանրօգուտ աշխատանքով:
1856-ին բարձրագոյն ատեանի անդամ էր, 1857-ին` Հասարակաց կրթութեան բարձր ժողովի եւ պատրիարքարանի Գերագոյն ժողովի անդամ, Ազգային սահմանադրութեան հիմնադիրներէն, իր բաժինը ունեցած է եկեղեցաշինութեան մէջ եւ մահացած` 1869 ապրիլին: Իր զաւակներէն նշանաւոր են Յարութիւն փաշա Տատեան (քաղաքագէտ, նախարարի տեղակալ (նկար 9) եւ վառօդապետ Առաքել Սիսակ պէյ ամիրա Տատեան:

Յարութիւն փաշա Տատեան Յովհաննէս պէյ Տատեանի բնակարանը Յարութիւն փաշա Տատեանի բնակարանը
Աղբիւրներ.-
Encyclopedia of the Ottoman Empire Gabor Agoston & Bruce Masters 2009
The Manufacture & Transportation of Gunpowder in the Ottoman Empire (1400-1800) Cameron Rubaloff Nelson 2010
A Diderot Pictorial Encyclopedia of Trades & Industry (vol.I+II) Charles C. Gillespie 1959
Տատեան գերդաստանը եւ իր ականաւոր դէմքերը Թ. Ազատեան 1952

