Էրտողան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Սիսիի Ներկայութեան Դէմ Կը Բողոքէ

Էրտողան

Էրտողան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 69-րդ նիստին ընթացքին Եգիպտոսի պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արտասանած խօսքին պատճառով վիճած է Թուրքիոյ պատուիրակութեան հետ եւ չեղեալ յայտարարած երկկողմանի հանդիպումները: Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խնդրած էր երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում մը, որուն համաձայն գտնուած էր եգիպտական կողմը:

Էրտողան միջազգային ընտանիքը մեղադրած է Եգիպտոսի մէջ զինուորական յեղաշրջում կատարողները օրինականացնելու համար:

«Ես դէմ եմ միջազգային ղեկավարներու շարքին անոր (նախագահ Սիսիի) ներկայութեան: Ատով ՄԱԿ-ը օրինականութիւն կու տայ անոր, որ տապալած է ժողովուրդի կամքով ընտրուած նախագահը: Ինչո՞ւ աշխարհը լուռ կը մնայ ժողովրդավարութեան դէմ յեղաշրջումին նկատմամբ: Մենք պէտք է յարգենք կամքը ժողովուրդին, որ զայն ցոյց տուած է քուէատուփերուն մէջ: Եթէ մենք կ՛ուզենք աջակցիլ յեղաշրջումներուն… ապա ինչի՞ համար է Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը», ընդգծած է ան:

Եգիպտացի պաշտօնատարներ իրենց վրդովմունքը արտայայտած են այդ յայտարարութիւններուն առնչութեամբ: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատըր Ապտելաթի յայտնած է, որ Էրտողանի խօսքերը լեցուն եղած են «սուտով եւ յօրինուած փաստերով` ցուցաբերելով անարգալից վերաբերմունք եգիպտացիներու կամքին նկատմամբ»:

«Թուրքիոյ նախագահին խօսքերուն մէջ զարմանալի բան չկայ, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք այն փաստը, որ ան կը ձգտի քաոս սերմանել Միջին Արեւելքի մէջ` աջակցելով ահաբեկչական խմբաւորումներուն ու կազմակերպութիւններուն եւ անոնց ապաստան տրամադրելով` նպատակ ունենալով վնասել շրջանի ժողովուրդներու շահերուն յանուն անձնական յաւակնութիւններու եւ անցեալի պատրանքներու», ըսած է Ապտելաթի:

«Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Էրտողան իր խօսքին մէջ նաեւ ըսած է, որ մարդիկ, որոնք կորսնցուցած են արդարութեան յոյսը միջազգային կազմակերպութիւններէն, ներառեալ` ՄԱԿ-էն, զայն կը փնտռեն ահաբեկիչներու շարքերուն մէջ: Ըստ անոր, «Թուրքիան այն երկիրներէն է, որ առաւել արդիւնաւէտ կերպով կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ»:

Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ կատարուող զինուորական գործողութիւններուն վերաբերեալ թուրք նախագահը նշած է, որ ՏԱՀԵՇ արիւնարբու ահաբեկչական կազմակերպութիւն է: «Իրաքի մէջ ահաբեկիչներու աշխուժացման պատճառը երկրին վարած քաղաքականութիւնն է, որ ուղղուած չէ եղած բոլոր կրօնական ուղղութիւններուն միաւորման», նշած է Էրտողան:

 

Share this Article
CATEGORIES