Քերրի-Լաւրով Հանդիպում

Լաւրով եւ Քերրի
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը լրագրողներուն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստին ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին ընդգծած են Ուքրանիոյ կացութեան կարգաւորման վերաբերեալ Մինսքի մէջ ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը:
«Քառասուն վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին արտաքին գործոց նախարարներ Քերրի եւ Լաւրով քննարկած են Ուքրանիոյ կացութիւնը եւ կարեւոր նկատած զինադադարի վերաբերեալ Մինսքի համաձայնագիրին բոլոր 12 կէտերուն ամբողջական ու պատշաճ կատարումը», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն ղեկավարները քննարկած են նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ պայքարը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ: Բացի ատկէ, անոնք կարծիքներ փոխանակած են Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Թեհրանի հետ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներու եւ Գերմանիոյ բանակցութիւններուն շուրջ:

