Անդրադարձ. Դատարկուած Աթոռներն Ու Էրտողանի Մենախօսութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

0925_vahoՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 69-րդ նիստի ծիրին մէջ «Փոփոխուող կենսոլորտային հաւասարակշռութեան եւ կլիմայական խնդիրներու» վերաբերեալ ժողովին ընթացքին խօսք արտասանեց նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ ինքզինք գտաւ մենախօսութիւն կատարելու խայտառակ վիճակի մէջ. սրահին մէջ աթոռները դատարկ էին: Ըստ «Թի.24» կայքին, Էրտողանը այդ կացութեան մէջ ներկայացնող լուսանկարը դարձած է համացանցի վրայ օրուան ամէնէն շատ տարածուածը: Պատկերը իմաստալից եւ դիպուկ է. դատարկ աթոռները Թուրքիոյ մեկուսացման եւ արտաքին քաղաքականութեան ձախողութեան խօսուն ցուցանիշն են, ինչպէս նաեւ Էրտողանի ամբարտաւանութեան դառն պտուղը:

Թուրքիա Արեւմուտքէն երես դարձուց, իսկ Արեւելքէն մերժուեցաւ: Մինչ Քաթար միջազգային եւ արաբական ճնշումին տակ իր ընթացքէն ետդարձ կատարեց, Իսլամ եղբայրներու ղեկավարները իր երկրէն վտարեց եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքին մաս կազմեց, Անգարա կը շարունակէ յամառօրէն նոյն քաղաքականութիւնը վարել, կը մերժէ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ դաշինքին մաս կազմել եւ Իսլամ եղբայրներու Տոհայի կողմէ վտարուած ղեկավարները կը հիւրընկալէ:

Անգարա մէկ կողմէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ծիրին մէջ Գահիրէի հետ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակին վրայ հանդիպում մը կը խնդրէ, միւս կողմէ` Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն Եգիպտոսի նախագահին ներկայութեան համար ՄԱԿ-ը կը քննադատէ եւ Եգիպտոսի հասցէին իր ժխտական կեցուածքները կը հնչեցնէ: Աւելի՛ն, ՏԱՀԵՇ-ի գլխաւոր աջակիցը եղող երկրին նախագահը կը համարձակի ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ահաբեկչական կազմակերպութեանց ստեղծման համար ամբաստանել նոյնինքն ՄԱԿ-ը: Այս բոլորը բնականաբար կը դիմակազերծեն թրքական իշխանութիւնները եւ նողկանք կը պատճառեն: Ահա թէ ինչու, դատարկ աթոռներուն առջեւ Էրտողանի պատկերը թերեւս առաջին հայեացքով զգայացունց է, սակայն իրողութեան մէջ` ոչ զարմանալի:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES