Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ Այցելութիւն Դէպի Ազգային Բուժարան Եւ Սայիտեթ Մանթարա Սրբավայրը

0925_AzkayinPoujaranՀովանաւորութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան, երէկ` հինգշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2014-ին, համանուն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը իր տարեկան ձեռնարկներուն ծիրին մէջ կազմակերպեց պտոյտ մը  դէպի լիբանանեան ամառնային գեղատեսիլ հովոցներէն Մաղտուշէ եւ Այն Սաֆա:  Աւելի քան քառասուն տիկիններ, ընկերակցութեամբ շրջանի ծխատէր քահանայ հայրերուն, առաւօտեան ժամը 8:30-ին ուղղուեցան  դէպի Մաղտուշէ եւ այցելեցին շրջանի Սայիտեթ Մանթարա մատուռը: Տեղւոյն լիբանանցի քահանան ողջունեց այցելուները եւ սրբավայրին հակիրճ պատմականը կատարեց` յայտնելով, թէ ինչպէ՛ս օր մը հովիւ մը բացուածքի մը մէջ ինկած իր ոչխարը փնտռելու ընթացքին յայտնաբերած է այս ժայռափոր մատուռը: Անիկա կերտուած է դարեր առաջ հոն, ուր յայտնուած է Ս. Աստուածածինը: Իրենց կարգին, երեք քահանաները փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը` շեշտելով, որ «ասիկա պարզ պտոյտէ մը աւելի` ուխտագնացութիւն է»:

Ապա բոլորը միասնաբար աղօթեցին Տէրունական եւ «Առաւօտ լուսոյ» աղօթքները եւ նախաճաշէն ետք, կէսօրուան մօտ ուղղուեցան դէպի Այն Սաֆայի «Տիարունալ Խատրա»  ճաշարանը, ուր բոլորը համախմբուեցան «սիրոյ սեղան»-ին շուրջ:

Այս առիթով տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Ռիթա Ղարիպեան ողջունեց ներկաները` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին իրենց մասնակցութեան համար: Ղարիպեան նմանապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Ժունիէի երեք քահանայ հայրերուն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ հոգեւոր մթնոլորտով դրոշմեցին ձեռնարկը: Յաջորդ հանգրուանը Ազունիէի Ազգային բուժարանն էր, ուր տնօրէն Տիգրան Պոյաճեան ողջունեց ներկաները` շնորհակալութիւն յայտնելով այս այցելութեան համար: Այս առիթով քահանայ հայրերն ու այցելու տիկինները շրջեցան բուժարանի զանազան բաժանմունքներն ու սենեակները` մօտէն ծանօթանալով հոն գտնուող ծերունիներուն եւ անոնց վայելած յատուկ հոգածութեան: Ուշագրաւ էր բուժարանի սենեակներու խիստ մաքուր եւ կոկիկ տեսքը: Այս առիթով նաեւ տիկնանց յանձնախումբը 200 ամերիկեան տոլարի համեստ նուիրատուութիւն մը կատարեց Ազգային բուժարանին: Երեկոյեան ուխտաւորները մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան տուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES