Տէրսիմահայութեան Զօրակցութեան Օր Զուիցերիոյ Մէջ

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

ME_DersimՆախաձեռնութեամբ Ժընեւի եւ Լեման շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին եւ համագործակցութեամբ «Ռոյալ» հիմնադրամին ու Հայ Տէրսիմ կազմակերպութեան, տօնահանդէս մը պիտի կատարուի 27 սեպտեմբեր 2014-ին, շաբաթ օր, Ժընեւ եւ Լոզան քաղաքներու ճամբուն վրայ, Ռընեն աւանին մէջ` մասնակցութեամբ հայրենիքէն, սփիւռքէն նաեւ թրքահայ ու տէրսիմցի խումբ մը արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու:

Գեղարուեստական յայտագիրին կը մասնակցին Ջիւան Գասպարեան եւ Յասմիկ Յարութիւնեան` ընկերակցութեամբ իրենց նուագախումբերուն, ինչպէս նաեւ` Ահմետ Ասլան, Կիւլ Մայերա ու Ճեսթիա-Նեքաթի Թէյհանի:

Ազգագրական աւանդը պիտի ներկայացուի երեսուն հոգիներէ բաղկացած «Արաքս-Սասուն» համոյթին կողմէ, տհոլի, զուռնայի եւ քլարինեթի մենակատարներու այլ ելոյթներով:

Որպէս բանախօս հրաւիրուած են Մազկերտի քաղաքապետ Թեքին Թուրքել, Օվաճըքի քաղաքապետ Ֆաթիհ Մաչօղլու ու «Այ.Տի.Էյչ.Էֆ.»  կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:

ME_Halvori_Vank_Manastiri_Hozat_copyԱսմունքով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մեհմետ Չեթին:

Պիտի կատարուի բազմաձայն զրոյց, մասնակցութեամբ` նահատակ Հրանդ Տինքի այրիին` Ռաքել Տինքի, «Ակօս»-ի խմբագրական կազմէն`Սարգիս Սերոբեանի, Յովսէփ Հայրենիի, Այշէ Հուրրի եւ Էրտալ Տողանի:

Կը նախատեսուի շուրջ հազար հանդիսատեսներու ներկայութիւն մը, յայտագրի գործադրութեան ընթացքին պիտի ցուցադրուի Տէրսիմի շրջանին մէջ գտնուող` Հալվորի Ս. Կարապետ վանքի վերակառուցման ծրագրի տեսերիզը, այդ պատմական վանքի աւերակները մինչեւ այսօր որպէս սրբատեղի ուխտավայր է նոյնիսկ շրջանի այլ կրօններու, յատկապէս ալեւիներու մօտ:

Ձեռնարկի նպատակն է զօրակցիլ մեր պատմական հողերուն վրայ ապրող տէրսիմահայութեան, որոնք դար մը առաջ իրենց ինքնութեան կորուստի դառն ճակատագրին ենթարկուած են, եւ այսօր գիտակցելով այդ եղելութեան` կը ջանան վերադառնալ իրենց արմատներուն:

Ուշագրաւ երեւոյթ է նաեւ այդ բնօրրանին վրայ ապրող այլ ցեղերու դրական վերաբերմունքը տէրսիմահայութեան նկատմամբ, աջակցելով անոնց այս մեծ երազին` ինքնութեան դարձին:

Ժընեւ    

 

Share this Article
CATEGORIES