Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի Կոթողային Երկու Գիրքերը. Հայ Գիրքի Ու Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

RH_Ardashes-DerKhatchadourianՀայ գիրքի ու հայ մամուլի պատմութեամբ հետաքրքիր ամէն անձ անպայման լսած պէտք է ըլլայ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի անունը, եթէ նոյնիսկ չէ կրցած զայն մօտէն ճանչնալ: Լիբանանի կապոյտ երկնքին տակ հայ գրքի ու հայ պարբերական մամուլի սիրահար այս մարդը իր ամբողջ կեանքին մէջ արժեցուց իր այդ սէրը ու ապրեցաւ գրքի ու հայ թերթերու անմիջական մթնոլորտին մէջ: Որպէս հայ գիրք, մանաւանդ` որպէս հայ մամուլ, հրատարակուած ամէն էջ, անկախաբար իր բովանդակութենէն կամ արժէքէն, մաս կը կազմէր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի ապրումներուն: Աշխարհի բոլոր երջանկութիւնները մէկ կողմ, գրքի ու հայ թերթի հետ միասնութեան երջանկութիւնը` միւս կողմ: Այս էր Արտաշէսին տրամաբանութիւնը հայատառ ամէն հրատարակութեան նկատմամբ: Եւ ան հայատառ ամէն հրատարակութեան ո՛չ միայն պահապանն էր, այլ նաեւ` պատմագիրը, զայն մեր մշակոյթի  պատմութեան մէջ տեղաւորող, զայն մոռացումէ ու վերջնական թաղումէ փրկել ջանացողը:

Իր ժամանակակիցները որքա՞ն կրցան գնահատել անոր այս պաշտամունքը, կրնանք չգիտնալ: Բայց գիտենք, որ ան միշտ իր մորթին վրայ զգաց հայ գրքի ու հայ մամուլի մատենագէտն ու պատմաբանը ըլլալու պարտաւորութիւնը: Իր ողջութեան արդէն մատենագիտական յօդուածներ կը հրատարակէր, հայ մամուլի ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէր ու զանոնք կը դնէր գիտական հիմքերու վրայ: Ասիկա արգելք չէր, որ անոնց մասին կարծիքներ ու դատողութիւններ ալ հրատարակէր եւ իր գրած պատմութիւնը խմորէր իր մտածումներուն ու դիտողութիւններուն հետ:

Շատ կանուխ կորսնցուցինք Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը:

Այդ սիրելի մարդուն հետ կրնայինք նաեւ կորսնցուցած ըլլալ մատենագիտական այն լայնածիր աշխատանքը, զոր ան տարած էր իր ապրած օրերէն ամէն մէկու ընթացքին: Բարեբախտաբար չկորսնցուցինք: Հրաշք էր, որ անոր արժանաւոր զաւակները, որոշեցին իրենց հօրը այս վաստակը յաւերժացնել` զայն հաւաքելով երկու ստուար հատորներու մէջ, մէկը հայ գրքի մասին, միւսը` հայ մամուլի մասին: Այդ երկու ծովածաւալ գիրքերը Պէյրութի մէջ հրատարակուեցան անցեալ մարտին ու կատարուեցաւ անոնց շնորհահանդէսը:

Այժմ մեր սեղանին վրայ է կարմիր շքեղ տուփի մը մէջ եղբայրացած երկու հատորները, մէկը «Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր», մօտաւորապէս 450 էջ, միւսը «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր», մօտաւորապէս 600 էջ: Մէկը կը բովանդակէ Արտաշէսին հայ գրքի մասին յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները, միւսը, ինչպէս արդէն անունէն ալ յայտնի է, կը բովանդակէ Արտաշէսին Հայ մամուլի մասին յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները: Երկու հատորները քով քովի գալով` կը բարձրացնեն այս մարզէն ներս յուշարձան մը, որուն առջեւ մենք, եթէ կը սիրենք հայ տիպ ու տառը, եթէ Մեսրոպ Մաշտոցին հաւատարիմ աշակերտն ենք, պարտինք խոնարհիլ, յարգանքով ողջունել  առաջին օրէն ասդին հայ տպագրութեան բնագաւառէն ներս մեր պապերուն ու մեր ժամանակակիցներուն տարած աշխատանքը, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել նախ հեղինակին. ապա` անոր երախտագէտ զաւակներուն: Բայց մենք մեր սրտագին շնորհակալութիւնները պէտք է յայտնենք Կարօ Յովհաննէսեանին եւս, որ անօրինակ համբերութեամբ եւ բծախնդրութեամբ խմբագրած ու հրատարակութեան պատրաստած է այս երկու ստուար հատորները: Կրնանք ենթադրել, որ շատ դժուար գործ մը իրագործած է ան, բայց մեծ ծառայութիւն մատուցած է թէ՛ ողբացեալ հեղինակին, թէ՛ մեր մշակոյթի պատմութեան, որովհետեւ հիմա մենք այս երկու հատորներուն կրնանք նայիլ որպէս հայ գիրքի ու հայ մամուլի համայնագիտարան: Գլխու պտոյտ պատճառելու չափ շատ բան կայ այս «համայնագիտարան»-ին մէջ, որ էջը որ բանանք, ի՛նչ նիւթ ալ կարդաք հոսկէ կամ հոնկէ, կրնաք զարմանալ հեղինակին հմտութեան ու իր նիւթին նկատմամբ իր զգացած մեծ հետաքրքրութեան վրայ:

Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան եղաւ հայ գիրքին ու հայ մամուլին պահակը, բայց կը կարծենք, որ սխալ բան չենք ըսեր, եթէ ըսենք, որ անոր նախընտրութիւնը կ՛երթար հայ մամուլին: Ան, ինչպէս Կարօ Յովհաննէսեանն ալ իր յառաջաբանին մէջ դիտել կու տայ, հայ մամուլը կը նկատէր թանգարան մը: Մամուլը մեր ազգային պատմութեան ու լինելութեան հայելին էր, հայելի մը, որ կը ցոլացնէր հայութեան հոգին ու միտքը: Արտաշէսը միշտ հաւատաց, որ հայ մամուլը հանրային կարծիք կազմաւորելու ու ցոլացնելու զոյգ պարտականութիւնները ունէր: Հայ մամուլը միայն հանրային կարծիքը ցոլացնողը չէր, այլ նաեւ` հանրային կարծիք շինողը: Եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան դիտել կու տայ, որ հայ մամուլին գլխաւոր պարտականութիւնն է զարկ տալ ընթերցասիրութեան, մեր հաւաքականութենէն ներս կազմաւորել բարոյականի տէր անձը, պատրաստել ընկերութեան օգտակար քաղաքացին:

Երկու գիրքերը զանազան յօդուածներու հաւաքածոներ են, այսինքն հեղինակին կողմէ գրուած չեն որպէս ամբողջական գիրք: Բայց գիրքին խմբագիրը կրցած է ամբողջական գիրքի մը երեւոյթն ու մթնոլորտը տալ այս երկու հատորներուն, որոնց բովանդակութեան ցանկերուն եթէ նայինք, տակաւին գիրքը կարդալէ ալ առաջ կը պատկերացնենք, թէ հեղինակը որքան տարբեր տեսանկիւններէ մօտեցած է այս մատենագիտութեան: Ան այս կերպով արթնցուցած է, իր իսկ բառերով, այն գրողները, որոնք կը քնանան մամուլ կոչուած թանգարանին մէջ: Գիրքերուն այս կառուցուածքին շնորհիւ ալ ընթերցողը կրնայ բանալ որեւէ գլուխ ու կարդալ այդ գլուխը, որ կրնար անջատ գիրք մը կամ գրքոյկ մը ըլլալ: Կարգ մը լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններու պարագային, խմբագիրը այդ բաժինը բանալէ առաջ տակ տակի շարած է այդ բաժինին բովանդակութեան ցանկը, որ արդէն ընթերցողը կը պատրաստէ իր կարդալիքին, եւ կամ կ՛օգնէ բոլոր անոնց, որոնք մասնաւոր նիւթ մը կը փնտռեն: Թերեւս աշխատասիրութիւնը ունի հոսկէ հոնկէ մոռցուած անուններ, բայց անկարելի է չհիանալ նիւթերու այն հարստութեան վրայ, զոր հեղինակը կրցեր է ստեղծել թերեւս առանց գիտնալու, որ անոնք օր մը պիտի կազմէին շատ արժէքաւոր վկայութիւն մը հայոց գիրերու աշխարհէն, գրական կամ լրագրական: Արդարեւ, հայ գիրքի մատենագիտութեան հատորին մէջ, հայ տպագրութեան պատմութեան առընթեր կայ քանի մը մեծանուն հեղինակներու մատենագիտութիւնը, ինչպէս` «Մատենագիտութիւն Ռուբէն Զարդարեանի», «Դանիէլ Վարուժանի մատենագիտութիւն», «Մատենագիտութիւն Լեւոն Շանթի», «Մատենագիտութիւն ու կենսագրութիւն Շահան Պէրպէրեանի»: Երանի՜ թէ հեղինակը ժամանակ ունեցած ըլլար աւելի լայն փակագիծ մը բանալու գրագէտներու մատենագիտութիւններու այս շարքին: «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր» հատորին մէջ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան ունի լիբանանահայ մամուլի յիսուն տարիներու (1921-1971) պատմութիւնը: Որպէսզի գաղափար մը ունենանք, թէ ինչպիսի՛ հեղինակի մը հետ է մեր գործը, ճշդենք, որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան այստեղ ուսումնասիրած է ո՛չ միայն գաղութին կազմութիւնն ու յիսուն տարիներու մատենագիտութիւնը, այլ նաեւ նշած է լիբանանում մամուլի թէ՛ իրագործումները, թէ՛ թերիները, պակասաւոր կողմերը: Ան, իբրեւ թերութիւն, օրինակ, տեսած է չափի պակաս (տիտղոսներու շռայլ ու անտեղի տեղատարափ), մէկզմէկու արժէքներու անտեսում, երգիծական գրականութեան պակաս, լեզուական բծախնդրութեան պակաս, տարեկան ակնարկի կամ տարեգիրքի պակաս: Այս բոլորը մտածել կու տան, որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան ինքն իրեն իրաւունք տուած է ոչ միայն մատենագիտութիւն գրի առնելու, այլ նաեւ` ուսումնասիրելու անոնց դրական կամ ժխտական գիծերը:

Անգամ մը եւս կրկնենք, որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի երախտագէտ որդիները հրաշալի գործ տեսած են այս երկու կարմիր գիրքերը հրատարակելով: Այս կերպով Արտաշէսը մեզի կը վերադառնայ ու իրեն հետ կը բերէ հայ գիրքին ու հայ մամուլին նուիրուած անկորնչելի վաստակ մը, որուն վրայ պէտք է գուրգուրան գալիք սերունդները: Եթէ Արտաշէսը կը հաւատար, որ հայ մամուլը մեր հայելին է, այս երկու հատորներն ալ  հայ տիպ ու տառի նկատմամբ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին ցուցաբերած հաւատարմութեան հայելիներն են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES