Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Մէջ Կ՛այցելէ Յոյն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Կեդրոնը
Երկուշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Աթէնք ժամանումէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս ուղղուեցաւ դէպի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Երոնիմոս Բ. արքեպիսկոպոսին կողմէ:
Արքեպիսկոպոսարանի դահլիճին մէջ շրջապատուած հոգեւորականներով, Երոնիմոս արքեպիսկոպոս ողջունեց վեհափառ հայրապետին Յունաստան այցելութիւնը:
Արքեպիսկոպոսը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութեան եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց շրջանի եկեղեցիներուն նկատմամբ: Խօսելով հայ եւ յոյն եկեղեցիներու մասին, ան յիշեց որ պատմական կապերով ամրապնդուած է երկու եկեղեցիներուն գործակցութիւնը:
Պատասխանելով Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին խօսքերուն` Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին անդրադարձաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցող դարաւոր գործակցութեան: Ան ըսաւ, որ պայմաններու բերումով աստուածաբանական տարբեր տեսակէտներ բաժնեցին երկու եկեղեցիները, սակայն հիմնական հարցերու շուրջ անոնք որդեգրեցին նոյն մօտեցումները: Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ հայ եւ յոյն ժողովուրդները հասարակաց արժէքներով ու աւանդութիւններով սերտացած են: Անոնք միասին տառապեցան թրքական օսմանեան լուծին տակ ու ենթարկուեցան ցեղասպանութեան: Հետեւաբար այսօր, հայ եւ յոյն ժողովուրդներն ու եկեղեցիները կոչուած են միասնաբար պայքարելու, ի խնդիր մարդկային իրաւանց ու արդարութեան:
Երկու հոգեւոր պետերու պաշտօնական խօսքերու աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:

