Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Աթէնքի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատունը
Երկուշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Աթէնքի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ դեսպան Գագիկ Ղալաճեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, Յունաստանի Ազգային իշխանութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան եւ գաւազանակիր Սմբատ աբղյ. Սապունճեան:
Դեսպան Ղալաճեան ողջունեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի դեսպանատուն այցելութիւնը: Վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք դեսպանին կատարած ջերմ հիւրասիրութեան համար, արծարծեց հայ եւ յոյն պետութեանց յայրաբերութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ յունահայ համայնքին առնչուող հարցեր:
CATEGORIES Գաղութային

