Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելութիւն Կու Տայ Հիւսիսային Յունաստանի Ալեքսանտրուպոլսոյ Հայկական Գաղութին
Երկուշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Աթէնքէն մեկնեցաւ հիւսիսային Յունաստանի Ալեքսանտրուբոլի քաղաքը: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, Յունաստանի Ազգային իշխանութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան եւ գաւազանակիր Սմբատ աբղյ. Սապունճեան:
Արամ Ա. կաթողիկոս, յոյն եւ հայ առաջնորդներուն ու ժողովուրդին ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ալեքսանտրուպոլսոյ յունական առաջնորդարան: Կանոնական աղօթքի աւարտին, քաղաքի մետրոպոլիտ Անթիմոս բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին: Ան նշեց, թէ հայեր 1700-ական թուականներէն ի վեր ներկայ գտնուած են Ալեքսանտրուբոլի քաղաքին մէջ, կազմակերպած են համայնք, կառուցած եկեղեցի եւ կարեւոր ներդրում ունեցած քաղաքի զարգացման մէջ: Ան նշեց, որ հայոց Ս. Կարապետ եկեղեցին քաղաքին մէջ կառուցուած առաջին եկեղեցին եղած է 1875 թուականին:
Ապա խօսք առնելով վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի շրջանին մէջ: Ան յիշեց, թէ հայ եւ յոյն ժողովուրդները միասնաբար պայքարեցան ու տառապեցան Թուրքիոյ օսմանեան լուծին տակ, սակայն պատմութիւնը կը վկայէ, որ երկու ժողովուրդներուն համագործակցութիւնը ամրապնդեց ու կը շարունակէ ամրապնդել անոնց բարեկամութիւնը, միասնաբար դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները:
Եկեղեցական պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, վեհափառ հայրապետը, մետրոպոլիտին առաջնորդութեամբ, իր շքախումբով ուղղուեցաւ առաջնորդարան:
Տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում եւ աջահամբոյր:
Աւելի ուշ, Արամ Ա. կաթողիկոս հայ եւ յոյն առաջնորդներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ հայոց Ս. Կարապետ պատմական եկեղեցին, ուր շրջանէն ժամանած հայ գաղութի զաւակները առաջին անգամ ըլլալով դիմաւորեցին վեհափառ հայրապետը, որ կարճ հանդիպում մը ունեցաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու ժողովուրդին հետ:

