Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոն-«Սփոր Էվազիոն» Համաձայնագիրի Կնքում

Պասսամ Թըրք (ձախին) եւ Հաշեմ Հայտար

Պասսամ Թըրք (ձախին) եւ Հաշեմ Հայտար

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ յատուկ համաձայնագիրի կնքում` ֆետերասիոնին եւ «Սփոր Էվազիոն»-ի միջեւ:

Ֆետերասիոնը կը ներկայացնէր անոր նախագահը` Հաշեմ Հայտար, մինչ համաձայնագիր կնքող երկրորդ կողմը` այդ ընկերութեան տնօրէն Պասսամ Թըրք:

Այսպիսով, ըստ կնքուած համաձայնագիրին, «Սփոր Էվազիոն» իրաւունք ստացաւ կազմակերպելու ֆութսալի Լիբանանի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել լիբանանեան տարբեր ընկերութիւններ եւ միայն անոնց պաշտօնեաները:

Բնականաբար, այս մրցաշարքին յաղթականը պիտի հռչակուի լիբանանեան ընկերութիւններու ֆութսալի ախոյեան:

Երկու կողմերը իրարու հետ երկու տարուան նախնական համաձայնագիր մը կնքեցին: Եթէ անոնք ատկէ գոհ մնան, կրնան այդ պայմանագրութիւնը երկարաձգել:

Share this Article
CATEGORIES