Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Երկու հոգիով կատարուած ծրագիր մը յաջողութիւն կ՛ունենայ: Մէկ ձեռքով ծափ չի զարնուիր:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ հանդարտ նկարագիր մը ունիք եւ որեւէ նորութիւն դրական ձեւով կ՛ընդունիք, բարդութիւններէ հեռու կը մնաք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մարմնամարզի մէջ հետեւողական եղէք, ձեր ջանքերը անօգուտ կ՛ըլլան, եթէ պարբերաբար են:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ կ՛ուզէք ձեր ընտանիքին արմատները հասկնալ, պէտք է հետազօտութիւններ ընել, եւ ամէն բան կը հասկնաք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ կը փափաքիք ձեր ինքնաշարժով ճամբայ ելլել, ձեր բախտին աստղերը ձեզի հետ են. բախտաբեր օր մըն է:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ ձեզի առիթ պիտի տրուի ձեր կարծիքը յայտնելու, պիտի քաջալերեն ձեզ, եւ դուք ինքնավստահութիւնը պիտի վերագտնէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նախաձեռնութիւններ կատարեցէք եւ ձեր բախտը փորձեցէք. դուք նոյնիսկ պիտի զարմանաք այս անակնկալ յաջողութեան:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր փորձառութիւնը ձեր շուրջիններուն յայտնեցէք, որոնք իրենց կարգին կրնան ձեզի օգտակար ըլլալ իրենց խրատներով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կազմակերպուած ընդունելութեան մը ընթացքին պիտի հանդիպիք նախկին բարեկամներու, որոնք ձեզի երախտապարտ պիտի մնան այս անակնկալին համար:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գործատեղին ձեզմէ պահանջուածը ըրէք, ժամանակը չէ բարդութիւններ ստեղծելու:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանեկան շրջանակի մէջ ներքին գոհունակութիւն մը պիտի ապրիք. միայն ընկերային կեանքը բարարար չէ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի ստանաք մոռցուած գումար մը, որ ո՛չ միայն պիտի ուրախացնէ ձեզ, այլեւ ձեր յարաբերութիւնը պիտի բարելաւէ պարտականին հետ:

Share this Article
CATEGORIES