50 Տարի Առաջ (27 Սեպտեմբեր 1963)
Խմբագրական
Բախտորոշ Վէճ Մը
Կիպրական տագնապին առիթով Մոսկուայի ցուցաբերած մեղմութիւնը մնաց անբացատրելի: Եղան զանազան ենթադրութիւններ, որոնցմէ ոմանք հաւատալի էին, ուրիշներ ցնորքի սահմաններուն կը մօտենային:
Իրականութիւնն այն է, որ Խրուշչեւ, տագնապին ամէնէն ծանր օրերուն, երբ թրքական օդուժը վայրագ յարձակումներ կը գործէր կիպրական քաղաքներու եւ գիւղերու վրայ, գոհացաւ ցանուցագրով մը, որուն երկդիմի բնոյթը առաջին իսկ հերթին աչքի զարկաւ:
Ամէնէն ճշմարտանման ենթադրութիւնն այն է, որ խորհրդային վարչապետը, ներքին ու արտաքին բազմապիսի դժուարութիւններու առջեւ, չ՛ուզեր նոր տագնապ մը ստեղծել Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութիւններուն մէջ, նման անոր, որ 1962-ի հոկտեմբերին, Քուպայի առիթով, քիչ մնաց, որ աշխարհը տանէր երրորդ աշխարհամարտի մը:
Առ այժմ եթէ մէկ կողմ թողունք ներքին դժուարութիւնները ու միայն զբաղինք արտաքինով, պիտի նկատենք, որ մօտ երկու տարիէ ի վեր Քրեմլին կը զգուշանայ «սլաքային դիրքորոշումներէ», որովհետեւ գիտէ, թէ շատ պնդելու պարագային, պիտի ենթարկուի նոյն անփառունակ վախճանին, ինչ որ Քուպայի մէջ, երբ հարկադրուեցաւ տեղի տալ` քաշելով իր անթելավար հրթիռները:
Խրուշչեւ նոյն մեղմ դիրքը ունեցաւ նաեւ Թոնքինի ծոցի միջադէպին առիթով, երբ ամերիկեան օդուժը քարուքանդ ըրաւ Հիւսիսային Վիեթնամի նաւային խարիսխները եւ ընկղմեց անոր եզերապահ նաւերը: Քրեմլին գոհացաւ տեսական դատապարտումով մը եւ զգուշացաւ Միացեալ Նահանգներու հետ տագնապ ստեղծելէ:
Այս բոլորին ետեւ, առանց սխալած ըլլալու վախին, կարելի է տեսնել Չինաստանի հետ հետզհետէ սուր բնոյթ ստացող տագնապը, որ այլեւս դադրած է զուտ գաղափարական հարցեր շօշափելէ եւ դարձած է միջպետական ծանր խնդիր մը, որ խորհրդային կայսրութեան արեւելեան սահմաններուն վրայ կը ծանրանայ Չինաստանի յարաճուն ռազմունակութեամբ:
Փեքին եւ Մոսկուա երբեմն ուղղակի կ՛ամբաստանեն զիրար: Երբեմն ալ կ՛արտայայտուին երկրորդի մը միջոցով: Այդ երրորդը, երկուքին համար ալ, վերջերս հանդիսացան ճափոնցիք, որոնց ներկայութեան Մաօ Ցէ Թունկ եւ Խրուշչեւ, իրարմէ մէկ ամիս տարբերութեամբ, պահանջներ ձեւակերպեցին:
Անշուշտ սահմանային վէճերը եւ հողային պահանջները, որոնք երկուստեք յառաջ կը քշուին, շօշափելի երեսն են միայն չինեւխորհրդային վէճին, որուն խորքը միջազգային համայնավար շարժման ղեկավարութեան խնդիրն է եւ` անոր վրայ բարդուող զանազան հարցեր, որոնք փոթորիկ ստեղծեցին ընկերվարական երկիրներու պլոքին մէջ:
Կը մնայ միայն կարդալ Մոսկուայի երիտասարդական համագումարին մէջ չինական պատուիրակութեան աղմկարարութեան մասին տրուող հեռագիրները` հաստատելու համար, թէ որքա՛ն յառաջ գացած են երկու երկիրները զիրար վարկաբեկելու ճամբով:
Արեւմուտքը տակաւին զգուշաւոր կեցուածք ունի չինեւխորհրդային վէճին հանդէպ, ու լաւ է, որ այդպէս է, որովհետեւ քսաներորդ դարու երկրորդ կէսին քաղաքական գլխաւոր իրադարձութիւնը հանդիսացող այս վէճը տակաւին չէ հասած իր հասունութեան, ու սխալ շարժում մը, սխալ կեցուածք մը կրնայ անբաղձալի հետեւանքներ ունենալ` շրջելով դէպքերուն հոլովոյթը:
Կասկածէ վեր է սակայն, որ միջազգային ուժերու ներկայ դասաւորման եւ հաւասարակշռութեան բերումով, Մոսկուա անդիմադրելիօրէն կը մօտենայ Արեւմուտքին եւ կը վերադառնայ իր եւրոպական կոչումին: Հեռանկար մը, որուն առաջին նախատեսողներէն մէկը հանդիսացաւ Ֆրանսայի նախագահը` Ուրալներէն մինչեւ Ատլանտեան Եւրոպայի մը մեծ երազով:
Նման երազի մը իրագործումը բոլորովին պիտի յեղաշրջէ աշխարհի պատկերը:
Հայկական Կեանք
Հայուհիներու Նուէրը Վիքթորիա
Թագուհիին
Նուէր Գորգը Այժմ Կախուած Է
Վինտսորի Պալատին Մէջ
Վաթսունչորս տարիներ ետք տեսնելու համար իր քոյրը եւ իր գործած գորգը, զոր 5 մայիս 1900 թուականին իր հայրը նուիրած էր Վիքթորիա թագուհիին, օգոստոս 22-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Լոնտոն այցելած է Մարիամ Գիլարճեան:
Մարիամ Գիլարճեանին հայրը` Գրիգոր Գարամանուկեան, որոշած է գորգ մը նուիրել Բրիտանիոյ Վիքթորիա թագուհիին:
Գորգին գործելու աշխատանքը յանձնուած է իր երկու դուստրերուն` Աննային եւ Մարիամին: Երկու մատղաշ հայուհիները հինգ տարիէն աւարտած են աշխատանքը: Գրիգոր նամակ մը փակցուցած է գորգին վրայ, զայն յանձնած` Սեբաստիոյ մէջ բրիտանական փոխ հիւպատոսին` որպէս նուէր Վիքթորիա թագուհիին:
Գորգը այժմ կախուած է Վինասոր պալատի Սպիտակ հիւրասրահին մէջ, հետեւեալ մակագրութեամբ.
«Խոնարհաբար այս գորգը նուիրուած է թագուհիին` Սեբաստիոյ հայ աղջիկներու կողմէ, ի ճանաչում բրիտանական փոխ հիւպատոսի մատուցած ծառայութիւններուն, 1895 եւ 1896 տարիներու խռովութիւններու ժամանակ:
«Տիգրան Բ. Եւ Հռոմ» Ֆրանսերէնով
«Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական մատենաշարի հրատարակութեամբ Լիզպոնի մէջ ֆրանսերէնով լոյս տեսած է ականաւոր պատմաբան Յակոբ Մանանդեանի «Տիգրան Բ. եւ Հռոմ» աշխատասիրութիւնը: Թարգմանութիւնը կատարուած է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու պետական վարժարանի նախկին ուսուցիչ Հրանդ Թորոսեանի կողմէ:
Գիրքի յառաջաբանին մէջ ֆրանսական ակադեմիայի անդամ հռոմէական պատմութեան մասնագէտ Ժերոմ Կարկոպինոն մեծ գնահատանքով կ՛արտայայտուի Մանանդեանի երկասիրութեան մասին:
Թուրք Նախարար Մը Պոլսոյ Պատրիարքին Մօտ
Պոլսոյ պատրիարքարանի դիւանէն կը հաղորդուի.
Բարեկարգութեան եւ բնակեցման նախարար (Իմար վէ իսքեան ՊաշՔանը) Ճելալէտտին Ուզեր 20 սեպտեմբեր 1964 կիրակի առաւօտ, ժամը 10:30-ին այցելեց պատրիարքարան եւ պատրիարք հօր հետ ունեցաւ շուրջ կէս ժամուան սիրալիր զրոյց:
Պատրիարք հայրը այս առիթով նախարարին նկատառութեան յանձնեց լուծման կարօտ համայնքային կարգ մը խնդիրներ:
Նախարարը մեկնելէ առաջ այցելեց նաեւ պատրիարքարանի դիւանատունը եւ մայր եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր արժանանալով ժողովուրդին սիրալիր արտայայտութեան` մեկնեցաւ իր հետեւորդներով: