Ինչպէ՞ս Կը Թռչին Օդանաւերը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Վարէն դէպի վեր բարձրացող օդն է, որ կը բարձրացնէ օդանաւը: Օդանաւին թեւերը այս ուժին միջոցով օդանաւը օդ կը բարձրացնեն:
Օդանաւին թեւերու վարի բաժինը տափակ է, մինչ վերի բաժինը քիչ մը կոր է: Առջեւի բաժինն ալ կոր է, մինչ ետեւի բաժինը` շատ բարակ:
* * *
Երբ օդանաւը կը յառաջանայ, թեւերը երկուքի կը բաժնեն օդը:
Թեւին վրայէն անցնող օդը աւելի արագ կ՛ընթանայ, որովհետեւ անիկա աւելի երկար հեռաւորութիւն մը պիտի կտրէ, մինչեւ որ դարձեալ միանայ վարէն անցնող օդին: Ասիկա ճնշումի տարբերութիւն մը կը յառաջացնէ երկու մասերուն միջեւ: Կարծէք` օդանաւը դէպի վեր կը քաշուի: Ասիկա անոր կարելիութիւնը կու տայ օդին մէջ մնալու` հակառակ իր ծանրութեան:
Օդանաւը օժտուած է նաեւ երկու ղեկավարող գործիքներով: Ուղղութեան ղեկը օդանաւին կարելիութիւնը կու տայ դէպի աջ կամ դէպի ձախ դառնալու, երբ անիկա գետնին վրայ է: Մինչ խորութեան ղեկը կը գործածուի օդանաւը օդին մէջ բարձրացնելու կամ գետին իջեցնելու համար:
Օդանաւին թեւերը անոր կարելիութիւնը կու տան, թռիչքի ընթացքին, օդանաւը դէպի կողմ թեքել եւ զայն դարձնել:
Վերջապէս, հզօր շարժակներ կը հրեն օդանաւը դէպի վեր բարձրանալու ընթացքին, որպէսզի ան բարձրանայ եւ երկնքին մէջ մնայ:
Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Օդանաւը…
… Անթոնով` Ան-225-ն է. անիկա ապրանքատար օդանաւ մըն է: Օդանաւին երկարութիւնը 84 մեթր է մինչ երկու թեւերուն երկարութիւնը կը հասնի աւելի քան 88 մեթրի: Պարապ վիճակի մէջ անիկա կը կշռէ 250 թոն: Ան -225-ը աշխարհի ամէնէն երկար եւ ամէնէն ծանր օդանաւն է: Անոր ահռելի ծանրութիւնը բաժնուած է 32 անիւներու վրայ:
* * *
Այս հսկայական օդանաւը կրնայ փոխադրել շատ ծանր եւ շատ մեծ ապրանքներ` երկար հեռաւորութիւններու վրայ: Անիկա շինուած է Ուքրանիոյ մէջ, 1988 թուականին: Այո օդանաւը տակաւին կը պահէ աշխարհի մէջ նման միակ օդանաւի մրցանիշը:
* * *
Էրպաս -Ա380, որ կը շինուի Եւրոպական Միութեան երկիրներու մէջ, աշխարհի ամէնէն մեծ ճամբորդատար օդանաւն է: Անիկա կրայ 400-850 ճամբորդներ փոխադրել: Ունի 73 մեթր երկարութիւն եւ 80 մեթր զոյգ թեւերու երկարութիւն:
Պէտք Է Ովկիանոսները Մաքրել
Պոյան Սլաթ 19 տարեկան հոլանտացի երիտասարդ մըն է: Ան գտած է ովկիանոսները «մաքրելու» միջոց մը:
Յունաստան ճամբորդութեան մը ընթացքին է, որ Պոյան անդրադարձած է, թէ վիճակը որքա՛ն ծանր էր: Երբ ան կը սուզուի ջուրերուն մէջ ովկիանոս հետախուզելու համար նշմարած է, թէ ձուկերէն աւելի աղբեր կային:
Ան կը հաւատայ, թէ անհրաժեշտ է անպայման բան մը ընել երկրին գեղեցկութիւնը պահպանելու եւ մտածելու երկրագունդին ապագային մասին: Երկու տարիներէ ի վեր ան կ՛աշխատի ովկիանոսները մաքրելու համար յատուկ ծրագիրի մը վրայ: Ան իր ուսումը ժամանակաւոր ձեւով դադրեցուցած է եւ որոշած է ուսումնասիրել այն հսկայական յորձանքները, որոնք կը գտնուին ովկիանոսներուն մէջ եւ աղբերու կոյտերը կը տեղափոխեն: Նոյն ժամանակ ան կազմած է գիտնականներու խումբ մը:
* * *
Երկու տարի ետք Պոյան կը մեկնի Նիւ Եորք` մեծ համագումարի մը ընթացքին իր ծրագիրը ներկայացնելու համար: Ովկիանոսները աղտոտող կերպընկալէ առարկաները գտնելու եւ հաւաքելու համար ան կ՛առաջարկէ շինել «հսկայական ձագար» մը` «Տը Օշըն Քլինափ»:
Իր այս ծրագիրը, որ բազմաթիւ մրցանակներ շահած է, կը կարօտի 2 միլիոն տոլարի: Բազմաթիւ անձեր արդէն հետաքրքրուած են այս ծրագիրով:
Ինչպէ՞ս
«Տը օշըն քլինափ» ունի կեդրոնական շարժակ մը, որ կ՛օգտագործէ այդ պտուտակաւոր ջուրի հոսանքներուն ուժը: Այդ հոսանքները աղբերը կը քաշեն դէպի ձագարը, ուրկէ անոնք չեն կրնար այլեւս խուսափիլ:
Մեքենան կազմուած 100 քմ երկար երկու ծփացող թեւերէ, որոնք իրենց կարգին ունին 3մ մեթր երկար ուղղահայեաց թեւեր, ովկիանոսին աղբերը բռնելու համար:
Այս մեքենան ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ. անիկա բնութիւնը կը յարգէ, երկար ժամանակ կը բանի եւ շահաբեր է: Մեքենան կը բանի միայն արեւուն ուժը օգտագործող տախտակներով:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Մէկ միլիոն թռչուն կը սատկի ամէն տարի` կերպընկալէ աղբեր կլլելով: Այս կերպընկալէ առարկաները անոնց համար որսի կերպարանք ունին:
Հազարաւոր կրեաներ կերպընկալէ տոպրակները կը շփոթեն ծովամայրերուն հետ. ծովամայրը կրեաներու նախասիրած ուտելիքն է: Այս ձեւով, այս տոպրակները կլլելէ ետք, կրեաները կը խեղդուին:
Ջուրին մէջ կերպընկալէ շիշ մը 450 տարիէն միայն կը փճանայ:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
- Աշխարհի գրեթէ կէսը տակաւին վայրի վիճակի մէջ է:
- Կարգ մը թռչուններ կը ձմեռեն:
- Առաջին անգամ շուկայ իջնելէ առաջ, Այ-ֆոն բջիջային հեռաձայնը ճանչցուած էր «Փըրփըլ» անունով:
- Հաուայեան մեծ կղզիին Քիլաուէ հրաբուխը ժայթքած վիճակի մէջ է 30 տարիներէ ի վեր:
- Կապոյտ կէտը աշխարհի ամէնէն մեծ անասունն է: Սակայն գիտէի՞ք, թէ ան չի կրնար կլլել ծովու գնդակէ մը աւելի մեծ չափի ուտելիք:
- Անջրպետի միջազգային կայանը շինուած ամէնէն սուղ առարկան է: Անոր շինութիւնը կարօտած է մօտաւորապէս 130 միլիառ տոլարի:
- Աշխարհի ամէնէն արագ վազող մարզիկը կրնայ 100 մեթր վազքի մը ընթացքին յառաջացնել այնքան զօրաւոր ուժ մը, որ կրնայ բանեցնել գորք մաքրելիք մեքենայ մը:
- Դլփինները կրնան ճանչնալ հին ընկերոջ մը սուլոցը, նոյնիսկ 20 տարի իրարմէ հեռու մնալէ ետք:
- Նոյնիսկ ամբողջովին ճաղատ մարդիկ շատ մանր մազեր ունին իրենց գլխուն վրայ:
- Մկանները կը կազմեն մեր ծանրութեան մօտաւորապէս կէսը:
- Ափրիկէի առիւծները իրենց հետապնդած որսերուն միայն 25 առ հարիւրը կը բռնեն:
- Մինչ շերեփագիները կը բռնին իրենց հետապնդած որսերուն 95 առ հարիւրը:
- Գիտնականները կը մտածեն, թէ լուսինին վրայի ջուրը երկրագունդէն եկած է:
- Քանդակագործ մը իսկական չափի աստղանաւորդի մը արձանը շինեց մէկ թոն կշռող չետըր պանիրի մէկ կտորով մը:
- Ամէնէն մեծ ագեվազները կրնան կշռել չափահաս մարդու մը չափ:
- Իտալիոյ մեծութեամբ մարած հրաբուխ մը գոյութիւն ունի Խաղաղական ովկիանոսին տակ:
Ժամանց