Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կը Դատապարտէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Պայթումը
Հայ օգնութեան միութիւնը` իբրեւ համաշխարհային, մարդասիրական ոչկառավարական կազմակերպութիւն եւ անդամ` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, խստիւ կը դատապարտէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ յուշակոթողի կործանումը` ծայրայեղ իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հայոց սրբավայրի միտումնաւոր պայթեցումը կրկին անգամ կը փաստէ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնն ու դերակատարութիւնը Սուրիոյ քրիստոնեայ եւ մասնաւորապէս` հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած յարձակումներուն եւ հալածանքներուն: Տէր Զօրի մատուռը, կառուցուած այն նոյն անապատին հողերուն վրայ, ուր 1915 թուականին հայ այրեր, կիներ ու երեխաներ տառապեցան եւ նահատակուեցան, ցարդ վառ կը պահէր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Զուգադիպութիւն չէ, որ սրբազան վայրի բարբարոսական այս աւերումը գործադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 23-ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտին:
Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր խորին մտահոգութիւնը կը յայտնէ աշխարհի շուրջ շարունակուող բռնարարքներուն նկատմամբ` մանաւանդ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքին դէմ: Տէր Զօրի մատուռի կործանումը առաւել եւս կը բարձրացնէ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն եւ ամբողջ հայութեան ցասումը ընդդԷմ իսլամական ծայրայեղական շարժումներուն:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներուն, մասնաճիւղերուն եւ բոլո՛ր հայրենակիցներուն` նեցուկ կանգնելու սուրիահայ գաղութին, քաջալերելով սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները: Միանա՛նք բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, որոնք համաշխարհային մակարդակով կը դատապարտեն մարդկութեան դէմ կատարուած այս ոճիրը եւ կու գան օժանդակելու այն ժողովուրդներուն, որոնք ենթակայ կը դառնան նոյնանման արարքներու:

