Պրն. Մելքոն ՊուլղուրՃեանի Յիշատակին

0927_Melkon-BoulghourdjianԱյսօր Լիբանանահայ օգնութեան խաչի կեանքին մէջ մեծ բաց մը կ՛արձանագրուի… որովհետեւ իր կողքին կանգնող, իրեն նեցուկ եղող, գործին մեծութեան հաւատացող, նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն տրամադրող ոսկի սիրտ ունեցող` Մելքոն Պուլղուրճեան ոչ եւս է:   Մելքոն Պուլղուրճեանի անունը ԼՕԽ-ի իրականութեան մէջ ամէնօրեայ ներկայութիւն է… Ո՞վ չի գիտեր Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանի մէջ կանգնած այն փարոսը, որ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն կը կոչուի… փարոս մը, որ կը լուսաւորէ իր շրջապատը` օգնութեան ձեռք երկարելով հայ թէ օտար կարիքաւորներուն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, երբ պարոն Մելքոն կ՛աշխատէր Լիբանանէն դուրս, անոր սիրտն ու հոգին կը տրոփէին լիբանանահայութեան օգտակար դառնալու տենչով, յաճախ դեղորայք կ՛ուղարկէր Լիբանան, որպէսզի ԼՕԽ-ի խողովակով բաժնուէր մեր ժողովուրդին:

Ժամանակին Պուլղուրճեան եղբայրները կապուած էին ԼՕԽ-ի հետ եւ փափաք յայտնած որ Պուրճ Համուտի մէջ մայրանոց մը հիմնուի: Այս կապակցութեամբ ԼՕԽ-ը մասնագիտական հետազօտութիւններ կատարելով` ի յայտ եկաւ, որ շրջանը ընկերաբժշկական կեդրոնի մը աւելի կարիքը ունի, քան` մայրանոցի: Այս մէկը փոխանցուեցաւ Պուլղուրճեան եղբայրներուն եւ մասնաւորաբար` պարոն Մելքոնին, որ գիտական միտք ունենալով եւ վերլուծելով տուեալները` համաձայն գտնուեցաւ ընկերաբժշկական կեդրոնի գաղափարին:

Ուստի 1987 թուականին Սարգիս, Մելքոն եւ Յարութիւն Պուլղուրճեան եղբայրները անմահացուցին  իրենց մօր` Արաքսի Պուլղուրճեանին յիշատակը եւ իրենց նիւթական օժանդակութեամբ Պուրճ Համուտի սրտին մէջ կառուցեցին ընկերաբժշկական կեդրոն մը: Այդ կառոյցը մինչեւ օրս կը հոգայ մեր ժողովուրդի առողջապահական եւ ընկերային կարիքները: Այսօր ԼՕԽ-ի հազարաւոր անդամուհիներու բանակը հոգեկան այն ապրումը ունի, որ մեծասիրտ եւ ազգասէր բարերարին երազը իրականացնելով` կրցած է պարտաճանաչօրէն իրագործել նաեւ իրմէ ակնկալուածը: Իրար յաջորդող շրջանային վարչութիւններ կրցան ժամանակին հետ քայլ պահելով` արդիականացնել «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին ծառայութինները:

Պարոն Մելքոն ապրեցաւ ոչ միայն իր անձնական կեանքի մտահոգութեամբ, այլեւ իր ազգին հոգերով, եղաւ բարերար եւ շարունակեց մնալ նուիրատու մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը: Այսօր իսկապէս տխուր է ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը, որուն Շրջանային վարչութիւնը եւ 26 մասնաճիւղերու անդամուհիները միասին իրենց խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնեն պարոն Մելքոնին կնոջ, զաւակներուն եւ թոռնիկներուն, խոստանալով, որ իրենց սիրելի, համեստ եւ ազգասէր բարերարին անունը միշտ օրհնութեամբ պիտի յիշուի եւ պիտի գուրգուրան անոր շատ սիրած «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին վրայ` նոր նուաճումներու եւ նոր վերելքի ակնկալութեամբ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ բարերար:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Share this Article
CATEGORIES