Մելքոն Պուլղուրճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով
«Ինչ որ պէտք է, ըրէ՛ք…»
Այս խօսքերով պրն. Մելքոն Պուլղուրճեան անկիւնադարձային եւ ճակատագրական քայլ մը առաւ, երբ յօժարեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ իր մահացած մօր անունով մայրանոց մը սարքաւորելու փոխարէն ընկերային բժշկական կեդրոն մը հիմնել ըստ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքին, երբ շրջանի ժողովուրդին առաջնահերթ կարիքը նկատուեցաւ ընկերաբժշկական կեդրոն մը հիմնելու անհրաժեշտութիւնը:
Այսպէս, 1980-ական թուականներու ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւններու ընկերուհիներ ծրագիրը իրագործելու եւ շէնքի կառուցման աշխատանքներուն սկսան` շնորհիւ ազգանուէր այլ բարերարներու եւ նուիրատուներու օժանդակութեան, ինչ որ օրին մեծ խանդավառութիւն պատճառեց շրջանի հայութեան:
Պրն. Պուլղուրճեան գոհունակութեամբ ու հաստատ համոզումով կը յիշէր վերեւ արտայայտած իր խօսքը` ականատես դառնալով ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի մատուցած ծառայութիւններուն եւ յարատեւ վերելքին:
Ժպտուն դէմքով եւ համեստ նկարագիրով պրն. Մելքոն Պուլղուրճեան միշտ ներկայութիւն էր կեդրոնին մէջ, եւ մասնակից եղաւ երկար տարիներու ընթացքին կատարուած բոլոր նոր բաժանմունքներու եւ մշակուած ծրագիրներու բացման արարողութիւններուն: Ան հպարտ կը զգար ԼՕԽ-ականներու տարած մարդասիրական, բժշկական ծառայութիւնները տեսնելով:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի երկար տարիներուն եւ դժուար պայմաններուն մէջ երբեք չմոռցաւ կեդրոնին հանդէպ ունեցած իր պատասխանատուութիւնը եւ միշտ փորձեց մնալ կեդրոնի կողքին` օժանդակելով անոր անմիջական կարիքներուն, որովհետեւ կը հաւատար կարիքաւորին օգնելու եւ ծառայելու սուրբ գաղափարին:
Պրն. Մելքոն Պուլղուրճեանին նման տիպար, ազգասէր, օրինակելի բարերարներ հետզհետէ կը նուազին մեր գաղութի կեանքին մէջ, երբ շրջանի քաղաքական եւ ընկերային ծանր պայմանները կը ստեղծեն ոչ բարենպաստ պայմաններ եւ պարոն Մելքոնին նման ազգային բարերարներու եւ նուիրատուներու պահանջը կը զգացուի այսօր:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին անձնակազմը մեր բարերարին կ՛ուզեն վստահեցնել, թէ ընկերաբժշկական կեդրոնը պիտի շարունակէ Լիբանանի ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ ժողովուրդին ընկերային, առողջապահական կարիքներուն հասնիլ, իրագործել իր սրբազան առաքելութիւնն ու մարդասիրական ծառայութիւնը:
Այսօր ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը յուզումով կը յիշէ իր բարերարը. յիշատակդ անմար պիտի մնայ իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի հոգիին մէջ:
Վարձքդ կատար:
ԼՕԽ-Ի ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

