Հրաժեշտ` Ազնիւ Ու Ազնուացնող Մարդուն

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

«Եւ Աստուած անոր պարգեւեց երկար օրեր ու հանգիստ կեանք», այսպէս կ՛աւարտէին պատմութիւնները տալու համար միտք բանին`  բարիին ու լաւին:

Եւ յիրաւի, ապրեցաւ երկար օրեր ու հանգիստ կեանք, որովհետեւ բարի էր ու բարեգործ:

Ամէն հայու նման, ինք եւս գաղթական ծնողներու համեստ պայմաններու մէջ ծնած ու ապրած էր Պիքֆայեա գիւղին մէջ: Յաճախած էր տեղւոյն ժեզուիթ դպրոցը եւ զարմանալի չէր ուրեմն, որ ունեցած ըլլար կրօնական դաստիարակութիւն` խիստ ու աստուածավախ եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին առաջնորդուէր քրիստոնէական հաւատքով:

Երեք եղբայրներ: Քիչ մը զարմանալի` այդ սերունդի ընտանիքներուն համար, որոնք ընդհանրապէս կ՛ըլլային բազմանդամ` հինգէն վեց երեխաներով: Ամբողջ կեանք մը սակայն ապրեցաւ բազմամարդ սեղաններու շուրջ, բազմամարդ միջավայրի մէջ, որովհետեւ կը սիրէր կեանքը, բարեկամութիւնն ու մարդիկը, որոնց հետ կը սիրէր բաժնել ուրախութիւնն ու քէֆը: Առիթները չէին պակսեր իրեն համար` Ծնունդ,  Զատիկ, կամ տօնական օրերը չէին միայն որ տունը կը լեցուէր իր հարազատներով ու բարեկամներով: Ամէն կիրակի, առանց բացառութեան, իր շուրջն էին բոլորը անխտիր:  Ինք չափազանց սակաւակեր, բայց տունը` շէն, սեղանը առատ եւ հիւրերը անպակաս:

Նահապետն էր գերդաստանին եւ անոր բոլոր անդամները իր շուրջը հաւաքեց այնպէս` ինչպէս ըրած էին իր պապերը հոն` իրենց կորուսեալ «Երկիր»-ին մէջ, այնպէս` ինչպէս լսած էր իր ծնողներէն` իր պապենական սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն մասին  եւ «Երկիր»-ը բերած էր Լիբանան` ստեղծելով նոր «Երկիր»:

Երեք եղբայր էին, երեքն ալ վարպետ` իրենց հօր արհեստին մէջ, աշխատասէր ու չարքաշ: Կանուխ տարիքէն նետուած Քուէյթի անապատները, վստահաբար արկածախնդրական քայլ մը, վաստկելու համար իրենց հացը եւ յաջողելու անսահման վճռակամութեամբ: Սարգիս, Յարութիւն ու Մելքոն, անբաժանելի ու անքակտելի ընտանեկան միութիւն պայմանաւորուած իրարու հանդէպ յարգանքով ու սիրով: Այդ սէրն ու յարգանքը ընտանիքը պահեց ամուր` մինչեւ լիբանաեան պատերազմի դժուարին ու տագնապալի օրերը, երբ այլեւս ընտանիքին մէկ մասը որոշեց Ամերիկա գաղթել եւ հոն հաստատուիլ: Ինք եւս փորձ մը կատարեց եղբօր հետ ըլլալու համար, սակայն մէկ այցելութիւնը դէպի Ամերիկա պիտի բաւէր որոշելու, թէ իր տեղն ու վերջին հանգրուանը Լիբանանն էր: Խորթ էին իրեն համար արեւմտեան բարքերն ու սովորութիւնները: Զարմանալի չէր բնաւ իր գիւղին, իր միջավայրին ու հաւատալիքներուն այնքան ամուր կերպով կառչած մնալը: Խտացած Արեւելքն էր իր ջերմութեամբ ու այլասիրութեամբ: Անհաղորդ` թեթեւսոլիկ, շուտով մոռցուող ու անարժէք… արժէքներուն, իր որոշման մէջ անդրդուելի մնաց` Ամերիկա չհաստատուելու: Մնաց հաւատարիմ իր սիրած Լիբանանին` մինչեւ իր վերջին շունչը:

Լաւ հայերէն չէր խօսեր, ծնողները` բնիկ ատանացի, թրքախօս էին: Կը հպարտանար իր ատանացիի պատկանելիութեամբ: Կը պատմէր ատանացիներու «հերոսութիւններէն», որոնք առհասարակ կը կեդրոնանային ընտանեկան զուարճալի պատմութիւններու շուրջ, ուր ընդհանրապէս կիներն էին զոհերը:  Սրամտութեամբ կը պատմէր, թէ ինք եւս զոհը եղած էր ատանացի ըլլալուն, որովհետեւ երբ երիտասարդ ու ամուսնութեան պատրաստ` կը խնդրէ Անահիտին ձեռքը, կը մերժուի, որովհետեւ միջնորդը անփափկանկատութեամբ շեշտած էր, թէ փեսացուն ատանացի է, իսկ հայրս մերժած է ատանացիի աղջիկ տալ, որովհետեւ ատանցիները «կոպիտ» կ՛ըլլային: Ատեն մը ետք, երկրորդ փորձ մը, բարեբախտաբար Մելքոնին համար, ուրիշ միջնորդ մը, այս անգամ` կուսակցական ընկեր, հայրս կը համոզէ, թէ «ատանացի են, բայց լաւ մարդիկ են»: Չեմ գիտեր, թէ «լաւ մարդիկ» ըլլա՞լն էր, թէ՞ կուսակցական ընկերը չմերժելու հանգամանքը, որ հայրս կակուղցուցած էր եւ` ամուսնութիւնը յաջողած:

Ջերմօրէն հաւատացեալ եւ խորապէս հաւատացող ազգային հաստատութիւններու առաքելութեան: Այդպէս ալ մնաց իր հաւատարմութիւնը ամբողջ կեանքի ընթացքին` ամուր ու անխախտ: Մեր հաստատութիւններուն եղաւ համեստ ու լայնասիրտ բարերարը: Ոչ ոք մերժեց, եւ երբ տուաւ, նոյնիսկ իր կինն ու զաւակները չիմացան: Իմացան միայն դուրսէն:  Եկեղեցին իրեն համար անառարկելի եւ անփոխարինելի խարիսխն էր, որուն տուաւ, որքան որ կրնար, եւ երբ որ պահանջուէր:   Նուիրեց` մօրը հոգւոյն, ԼՕԽ-ին տալով կարելիութիւնը աւելի զարգանալու, գործունէութեան ծիրը ընդարձակելու  եւ դառնալու միջազգային չափանիշները լրացնող բարեսիրական կազմակերպութեան:  Նուիրեց` հօրը հոգւոյն համար, դնելով հիմերը կաթողիկոսարանին «Կիլիկիա» թանգարանին:  Հասաւ լիբանանեան պատերազմի ընթացքին  մեր տուներն ու ակումբները, մեր դպրոցներն ու հաստատութիւնները  պաշտպանող տղոց: Տուաւ անսահման ու առանց պայմանի: Իր թեւերը լայն բացաւ ու «ցանեց անսահման ու նոյնիսկ հեռու»` առանց ափսոսալու, թէ երբեմն «ծիտերը կ՛աւերեն»… միշտ հաւատալով, որ «տեղը Աստուած աւելիով պիտի մարգարիտ սերմանէր»:

Ու նուիրաբերելէ, տալէ ետք, իր անգայտ գոհունակութիւնը եղաւ համոզումը, թէ «ինչ որ տուաւ ուրիշին» եւ գիտակցութիւնը, թէ իրեն ինչ որ մնաց, իր տուած ըլլալու հաճոյքն էր` բանաստեղծին բառերով:

Մելքոնը եղաւ ազնիւ ու առատաբաշխ մեծատունն ու վերջին նահապետներէն իր գերդաստանին ու նաեւ հետզհետէ անհետացող այն սերունդին, որոնք անմիջականօրէն հաղորդուեցան իրենց ծնողներու տառապանքով ու զրկանքով: Ճաշակեց աղքատութեան դառնութիւնը, բայց երբեք չդառնացաւ:  Յաղթահարեց ու մնաց միեւնոյն «երէկի տղան»` աւելի զօրացած, ինքնավստահ ու ազնուացած:  Բաժնեց աղքատին ցաւն ու վիշտը: Մնաց միշտ հոգիով խաղաղ ու հաշտ: Հաշտութիւն ու խաղաղութիւն շռայլեց իր շրջապատին, իր հարազատներուն, իր բարեկամներուն, վերածուելով անշեղ ու անսխալելի ուղեցոյցին` իր զաւակներուն ու թոռներուն` ընթանալու համար նոյն ճանապարհէն:

Յառաջացած տարիքին բծախնդիր ու կենցաղագէտ, շարժուձեւերուն մէջ մնաց արագ ու ընդոստ, ֆիզիքապէս առողջ ու կայտառ, «մենք Պիքֆայեա ծնած, մեծցած գիւղացիներ ենք»,   կ՛ըսէր ծիծաղելով: Կը սիրէր պարտէզն ու հողը եւ ամէն օր փոքր պտոյտ մը իր սիրած ծառերուն մէջ` հոգին կը պարուրէր բնութեան բարիքով:

Եւ ահա օր մը, հարազատ իր ոճին, անակնկալը ըրաւ` իր սիրած պարտէզին ու սիրած ծառին տակ հանգիստ մտաւ յաւիտենութեան տանող ճանապարհորդութեան ուղին` հրաժեշտ տալով բոլորին:

Կատարած էր իր պարտականութիւնները լիուլի` իր ընտանիքին, իր հարազատներուն ու ազգին նկատմամբ: Ոչինչ ունէր ափսոսալու, ոչինչ թողած էր կիսատ: Ետ նայելու բան չունէր:

Ինչպէս իր կեանքի ընթացքին եղաւ համեստ ու անաղմուկ բարերարը, այդպէս ալ իր թաղումը եղաւ անաղմուկ ու համեստ, «ո՛չ փող զարկինք, ո՛չ արձագանգ…» երբ մեկնեցաւ դէպի յաւիտենութիւն միանալու իր պապերու համաստեղութեան:   Լուսաւորելու համար ճանապարհը գալիք սերունդներուն, եղաւ լուսատու փարոսը` ընթանալու նոյն ճանապարհէն հայրենիքին ու ժողովուրդին նուիրաբերման, ծառայական անխախտելի հաւատքով:

Բարի երթ քեզի, սիրելի՛ Մելքոն, առանձին «քու փառքիդ հետ», եւ երբ տեսնես քեզմէ առաջ մեկնողները, պատմէ իրենց, վստահեցուր զիրենք, թէ` «կան այստեղ ազատ ու քաջ դեռ հայեր»,  որոնք «…մէջ ամպերոց ի ժայռ կանգուն են կեցեր»:

Սեպտեմբեր 23, 2014

 

Share this Article
CATEGORIES