Պարոն Մելքոն Պուլղուրճեան` Մեծ Բարերարը

Տ. Թ.     

Որքան ալ որ փորձենք մոռնալ 1975-ին սկսած եւ երկար տարիներ տեւած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը եւ նայինք դէպի առաջ, դէպքեր, պատահարներ, մարդկային կորուստներ իրար կը յաջորդեն` մէջընդմէջ յիշեցնելու, դարձեալ ապրեցնելու այն դառն օրերն ու տարիները, որոնք «շնորհեցին» մեզի` լիբանանցիներուս, հայերուս, մեր թշնամիները: Արդարեւ, ծանր եւ անորոշ օրեր էին, որոնք շրջանցելու համար քաջութիւն, համարձակութիւն, երեւակայութիւն եւ  ռումբի մը, կամ մարդորսի մը թիրախ չդառնալու շա՜տ, շա՛տ բախտ պէտք էր:

40 օրեր առաջ կորսնցուցինք մեծանուն հայ մը` յանձինս պարոն Մելքոն Պուլղուրճեանին, որ  հաւատքով, համարձակութեամբ եւ բարի կամեցողութեամբ, ճիշդ այդ օրերուն  թեւեր տուաւ լիբանանահայութեան` նախ իր ուղարկած դեղերով, ապա իր մօր յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, խորհրդակցաբար եւ գործակցաբար իր Սարգիս եւ Յարութիւն եղբայրներուն հետ, ստանձնեց հիմը դնել իր մօր անունով հայկական մայրանոցի մը, որ հետագային գիտական հետազօտութեան մը իբրեւ արդիւնք`  վերածուեցաւ ընկերաբժշկական կեդրոնի մը: «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոն: Այսօր ան 27 տարեկան է:

1981-ին քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն մէջ, երբեմն պատահող համեմատական հանդարտ օր մը,  Սեն Ժոզեֆ թաղամասի Սեն Ժոզեֆ դեղարանին մէջ, դեղարանին տիրոջ` պրն. Ցոլակ Թիւթէլեանի ներկայութեան, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անունով կը ստանձնէի բարերար Մելքոն Պուլղուրճեանի ձեռքէն այն խոստացուած մեծ գումարին համարժէք չէքը, որ ծնունդ պիտի տար ընկերաբժշկական կեդրոնին: Երազ ըլլար կարծես, Օգնութեան խաչը այդքան մեծ նուիրաատուութիւն չէր ունեցած մինչ այդ, օրերը ընդհանրապէս չէին ներշնչեր այնքան ապահովութիւն եւ կարելիութիւն որեւէ հիմնական ծրագիր իրագործելու համար, մարդիկ ընդհանրապէս իրենց հաւատքը կորսնցուցած էին Լիբանանի հանդէպ եւ  ահա հսկայ լոյս մը կը ծագի օգնութեան Խաչի հորիզոնին վրայ,  Պուլղուրճեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ, անոր ուսերուն դնելով ծանր պարտաւորութիւն մը:

Դողդղացող ձեռքերով կը ստանձնեմ չէքը, կը կորսնցնեմ ամբողջ ԼՕԽ-ի անունով բաւարար շնորհակալութիւն յայտնելու կարողութիւնս եւ մեծ շփոթով, վախով կը մտածեմ առանց փորձանքի հասնիլ մեր կեդրոնը, ուր կը սպասէին ընկերուհիներս: Անոնց ուրախութեան եւ յաղթանակի բացագանչութիւնները տակաւին կը մնան ականջիս մէջ, ինչպէս յաւիտեանս կը մնան  Մելքոն Պուլղուրճեանի համեստ, բարի եւ թելադրական  ազնիւ բառերը` «յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի, գիտեմ` մեծ  պատասխանատուութեան տակ կը դնեմ ձեզ,  մենք միշտ ձեզի հետ ենք, միայն թէ մօրս անունով  կառոյցը իրականանայ. գիտցէք, որ մայրս ալ Օգնութեան խաչի անդամ եւ վարչական եղած է»: Չեմ մոռնար, չմոռցաւ երկար տարիներ նաեւ Օգնութեան խաչը, եւ այդ նուիրատուութենէն 5 տարիներ ետք, 1985-ին, կատարուեցաւ կառոյցին հիմնարկէքը, ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին,  Լիբանանի հայոց  օրուան առաջնորդ Արամ արք. Քէշիշեանին (այժմ վեհափառ հայրապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) բարերարներուն եւ  բարեկամներու, ընկերուհիներու, թաղեցիներու  հոծ բազմութեան մը: Երկու տարի վերջ, 1987-ին, հանդիսաւորապէս կը բացուէր «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի դուռը, որ տագնապի այդ օրերուն փարոս մը կը դառնար հայահոծ այդ շրջանին մէջ, ուր կը մնայ տակաւին տասնապատկելով իր ծառայութիւնները:

Շատ անգամներ, հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ, ընկերուհիներս, գործակիցներս եւ ես առիթը ունեցանք այդ կեդրոնով հպարտանալու, ուրախանալու, սրտի գոհունակութեամբ եւ խղճի հանգստութեամբ դիմագրաւելու օրէ օր բազմացող կարիքները` անոնց դարմանը գտնելով, աւելիին ձգտելով, նոյնիսկ չզգալով իւրաքանչիւրիս կեանքին ամէն վայրկեան սպառնացող վտանգները, շարունակելով գործել, միշտ գործել: Մեր հպարտութիւնը երկու աղբիւր ունէր. մէկը բարերարներուն փափաքը իրագործած ըլլալու, միւսը` այդ տաք օրերուն մեր ժողովուրդին կարիքները  հոգալու իրողութիւնները: Վերջին տարիներուն մեր կապերը աւելի սերտացան պարոն Մելքոն Պուլղուրճեանին հետ, որովհետեւ ան միշտ մնալով Լիբանանի մէջ, մնայուն ներկայութիւնը եւ վկան եղաւ համայնքին եւ յատկապէս Օգնութեան խաչի առօրեային, մնայուն քաջալերողը եւ իր կարգին համեստօրէն հպարտացողը, իր մօր անունով կոչուած այդ կեդրոնով:

Որքան բարութիւն, կամք, հաւատք, ազնուութիւն, համեստութիւն, պարզութիւն կար իր ամբողջ էութեան մէջ, արժանիքներ, որոնք իր կեանքին  ուղեգիծը դարձած էին: Իր աղօթքներուն մէջ ան կը խնդրէր  Աստուծմէ, որ կարենայ տալ` առանց փոխարէնը բան մը սպասելու, առանց ուրիշները վիրաւորելու: Որքան համեստութիւն կայ այդ խնդրանքին մէջ, խնդրանք Աստուծմէ, որ շնորհուած էր իրեն, քանի որ ան միշտ եղաւ լուռ տուողը, լուռ քաջալերողը, լուռ բարեգործը:

Կեանքը իր օրէնքները ունի, որմէ կարելի չէ խուսափիլ, սակայն երանի անոր, որ  պարոն Մելքոն Պուլղուրճեանին օրինակով կը յաջողի վարել իր կեանքը` ընտանեկան յարկին տակ եւ դուրսը` հաւաքական կեանքին մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, պարոն Պուլղուրճեան,  կարելի չէ ձեզ մոռնալ ու ձեր յիշատակը չի թառամիր, ձեր կեանքի օրինակը եւ ձեր վարքագիծը թող ներշնչարան դառնայ բոլորիս համար:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES