Արձագանգ. Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդաժողովէն Ետք
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Հայաստան-սփիւռք 5-րդ խորհրդաժողովի աւարտին, երբ իւրաքանչիւր մասնակից վերադարձաւ իր կեցութեան վայրը, բնականաբար սկսան մտածումներ տողանցել մեր միտքերուն մէջ: Պատկերներ, խօսքեր, մտածումներ, յուզումներ եւ որոշումներ:
18-20 սեպտեմբեր 2014 տեղի ունեցած խորհրդաժողովը հիմնական մէկ յստակ եւ լուրջ պատգամ մը ունէր արտաքին աշխարհին. հայ ժողովուրդը իր բոլոր զանգուածներով միակամ է եւ վճռական` իր դէմ ծառացող բոլոր դժուարութիւններուն:
Խորհրդաժողովի արծարծուած միտքերն ու կարծիքները հետագային պարբերաբար լոյս կը տեսնեն: Կարեւորը այն կէտն է, որ Հայաստան եւ սփիւռք նման հանդիպում մը կարելի չէր կազմակերպել, եթէ պետականութիւն չունենայինք: Փաստօրէն 2006-ի 3-րդ խորհրդաժողովի առաջարկներէն էր Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը եւ 2008-էն ի վեր գործող վերոյիշեալ նախարարութեան ճիգերուն շնորհիւ կրցանք ունենալ 4-րդ եւ 5-րդ խորհրդաժողովները` աւելի կազմակերպուած եւ աւելի ամբողջական, կուսակցական, յարանուանական, միութենական եւ անհատական բոլոր նախաձեռնութիւնները մէկտեղուած, աւելի քան 1000 հոգիով, գումարուած ժողովը ինքնին արդէն ապացոյց մըն էր յաջողութեան` առաջին հերթին սփիւռքի նախարարութեան եւ երկրորդ` անոր ընդմէջէն Հայաստանի պետութեան:
Ժողովը ունէր հինգ ենթաբաժանումներ: Իւրաքանչիւր բաժնի մէջ մասնակցողներու թիւը կ՛անցնէր 200-ը եւ ելոյթ ունեցողներու թիւը` 100-ը: Մտքերու եւ կարծիքներու արտայայտութիւններէն անդին` գաղութային մտահոգութիւնները մէկ կողմէն եւ պետական մտածողութեան զարգացումը միւս կողմէն` սփիւռքը աւելի լաւ ճանչնալու, ընկալելու, գործակցելու, հարստացնելու եւ կազմակերպելու ճիգը բացայայտ էր:
Տեղին է յիշել, բացման եւ փակման հանդիսութիւններուն Արամ Ա. վեհափառին բացառիկ ելոյթը, որ տասը վայրկեան տեւեց եւ տասը անգամ ծափահարութիւններով ընդհատուեցաւ: Եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին ելոյթը եկաւ անգամ մը եւս կարեւորութիւնը ընդգծելու ժողովի կարեւորութեան եւ գալիք տարիներու առնուելիք քայլերու լրջութեան:
Փաստօրէն 23 տարիներ ետք Հայաստան-սփիւռք կապը նոր որակ եւ ձեւ ստացած է: Հասկնալու եւ հասկցուելու, հանդուրժելու եւ բացուելու պետութեան կեցուածքը կը զգայինք բոլոր ելոյթ ունեցող նախարարներէն: Արտաքին գործոց նախարարին պաշտպանութեան նախարարին, Ազգային ժողովի նախագահին թէ վարչապետին ելոյթները եկան շեշտելու, որ ձեռք-ձեռքի եւ ուս-ուսի աւելի հզօր հայրենիք եւ սփիւռք պիտի կերտենք:
Վերջապէս կարելի է հետեւեալ դրական եւ ժխտական նկատողութիւնները արձանագրել դրական:
ա.- Ժողովի կազմակերպչական աշխատանքը առաւելագոյն չափով մասնագիտական էր:
բ.- Սփիւռքի նախարարութեան անձնակազմը միշտ պատրաստ եւ օգտակար ըլլալու վիճակի մէջ էր:
գ.- Առաջին անգամ ըլլալով` փոքր գաղութներու թիւը զգալիօրէն բարձրացած էր:
դ.- Մամուլի լսատեսողական բոլոր միջոցներու անդրադարձը ամբողջական էր:
Ա.- Մասնակցողներուն թիւը շատ էր: Շատ անգամ ոչ ներկայացուցչական դրութեամբ: Մասնակցողներու որոշ տոկոս մը ընկերակիցներ էին` կողակից, երրորդական կամ չորրորդական անձնաւորութիւններ, ինչ որ թեմաներու քննարկման ժամանակ կը զգայինք մակարդակի խախտում մը:
Բ.- Բացման հանդիսութիւնը շատ երկար էր 10:30-էն 1:30: Ինչ որ որոշ անհանգստութիւն մը ստեղծեց դահլիճին մէջ:
Գ.- Նիւթերու համադրումի զեկուցումը միատեսակ ոճով չէր որդեգրուած: Ոմանք շատ մանրամասն, ոմանք ալ շատ ամփոփ: Ինչ որ, ըստ էութեան, արժեւորումը չէր կրնար ընել:
Առաջարկ
ա.- 6-րդ խորհրդաժողովը ըլլայ աւելի ներկայացուցչական: Թիւը պէտք չէ անցնի 500-ը: Ինչ որ աւելի առիթ կու տայ շփուելու եւ մասնակցելու:
բ.- Նախարարներու մասնակցութիւնը խիստ շահեկան է, պահել նոյն դրութիւնը:
գ.- Բացման եւ փակման հանդիսութիւնները մէկուկէս ժամ տեւողութեան սահմանին մէջ պահել:
դ.- Գեղարուեստական յայտագիրներու մասնակցութեան թիւը աւելցնել:
Այս բոլորէն ետք, կու գանք դարձեալ շեշտելու եւ փոխանակելու մեր ջերմ գնահատանքը` յանձինս Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանին, որուն ամբողջական ներդրումն ու զոհաբերումը ակնյայտ էր բոլորիս համար:

