Նոր Լոյս Տեսած Գիրքեր. Պօղոս Սնապեան

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Garo-Hovhanessian_Boghos-SenabianՆոր լոյս տեսաւ նորոգ հանգուցեալ Պօղոս Սնապեանին նուիրուած գիրք մը, «Պօղոս Սնապեան» վերտառութեամբ: Հեղինակն է ծանօթ մտաւորական, կրթական մշակ, հանրային գործիչ, բազմաթիւ գիրքերու խմբագիր եւ մեկնաբան Կարօ Յովհաննէսեան:

Հատորը ծանօթագրութիւն մըն է մենագրութեան ձեւով, ուր կը բացայայտուի հեղինակին ծանօթութիւնը` իբրեւ կրթական մշակի եւ «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագիր-պարբերաթերթ «Ազդակ»-ի խմբագիրի:

Կարօ Յովհաննէսեան ներկայացուցած է այն պահերը եւ ժամերը, իր սկզբնական հանդիպումներու վերաբերեալ յուշեր, վեր առնելով գրականագէտ Պօղոս Սնապեանին դէմքը` իբրեւ գրողի, քննադատի, սիրուած կրթական մշակի ու հայրենասէրի:

Կ. Յովհաննէսեանի այս մենագրութեան էջերէն կ՛անցնին պատահական եւ հետագային զրոյցներ ունեցած գրականագէտին գործունէութեան` տարբեր առիթներու եւ ժամանակի մէջ պատահած: Հանդիպումներ են հաւատաւոր դաշնակցականին, անկեղծ հայրենասէրին, Հայաստան ամէն բանէ վեր պաշտամունքով ապրած մուսալեռցիին մասին:

Հատորին մէջ կը շեշտուի նաեւ գրականասէր նորայայտ գրողներու կազմաւորման շունչ տուած Սնապեանին մասին: Լիբանանի հայկական երկրորդական եւ նախակրթական վարժարաններու մէջ 50 տարի շունչ սպառած Պօղոս Սնապեան երբեք չէ մոռցած իր աշակերտներուն մէջ արթնցնելու, վառ պահելու հայ գրականութեան ջերմութիւնը: Անուններ կը թուէ հեղինակը, որոնք ներկայիս կը պաշտօնավարեն մեր վարժարաններուն մէջ, ուրիշներ խմբագրական գործունէութիւն կը ծաւալեն մեր մամուլին մէջ: Իրաւամբ, Պօղոս Սնապեանին ներդրումը գրականասէր սերունդ պատրաստելու աշխատանքին մէջ եղած է գնահատելի: Կ. Յովհաննէսեան կը թուէ անուններ շնորհալի աշակերտներու, որոնք այսօր կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են իբրեւ նորածաղկ գրողներ` «Ազդակ»-ի, «Բագին»-ի ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական մամուլին մէջ եւ այլապէս:

Բեղուն վաստակ մը` հայ գիրի, գիրքի եւ գրականութեան մարզին մէջ: Վարպետ հայագէտն էր ան, որ չէր հանդուրժեր միջակութիւններու հրապարակային գովքերուն: Քաջ էր Պ. Սնապեան, իր տեսակէտը յայտարարող` առանց այլեւայլի: Մուսա Լերան հերոսամարտին մասնակցողներուն որդին էր ան, հպարտ` իր ծնունդով, հայրենասիրական ոգիով եւ հայ լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը փառաւորող մշակ: Ան ցանեց Դանիէլ Վարուժանի պատգամին հետեւողութեամբ.

«Մշա՛կ, ցանէ յանուն նօթի թշուառին»:

Ճիշդ այդպէս, եւ Պօղոս Սնապեանի «գոգնոցէն դատարկ չելան ափերը…»:

Բազմաթիւ հանդիպումներու մասին վկայութիւններ կը բերէ Կ. Յովհաննէսեան, ոչ միայն դպրոցական կեանքէն, աշակերտներու հետ իր զրոյցներէն, «Բագին» ամսագրի շուրջ համախմբուած նորագոյն սերունդէն, այլ կը վերյիշէ «Ազդակ» օրաթերթի առաջին էջերուն անոր ներդրումէն, տարիներ շարունակ: Քաջութիւն արտայայտող գրիչն էր ան, ընթերցողին միտքը «մշակող»:

Տակաւին կան յուշագրութեան պատկերացումներով առատ տեսակցութիւններ վաստակաշատ «վարժապետին» հետ: Այո՛, յեղափոխականի խմոր ունէր Սնապեան: Երբեք չդաւաճանեց իր հաւատքին, փոխանցեց զայն իր շրջապատին: Այս մասին էջեր գրած է Կ. Յովհաննէսեան` «Պօղոս Սնապեան» խորագրուած հատորին մէջ:

Պարզ ծանօթագրութիւն չէ այս գիրքը, այլ` անկեղծ զրոյց մը անոր կենդանութեան եւ պիտի հնչէ նաեւ անոր մահէն ետք:

ՊԱՐՈՆԸ: Պարոն մնաց Պօղոս Սնապեան, դաշնակցականին անկեղծ ընկերը: Յիշատակարան մըն է այս գիրքը, կը շնորհաւորենք հեղինակը, իր մտասեւեռումին եւ արժանիին իր տուրքը յանձնելու իմաստով: Վերջին հաշուով, կրթական մշակ հեղինակը ապրած է զինք նախորդած մեծ վարպետ վարժապետին` Յակոբ Օշականի անկորնչելի արժէքը:

Համազգային հրատարակչատունը անդուլ կը բանի` լոյս ընծայելով արժէքաւոր գիրքեր: Այս հատորն ալ լոյս տեսած է մշակոյթի կեդրոն այս ՏՈՒՆէն: Կը խնդրուի «ֆէյսպուք»-երու ենթակայ նոր սերունդէն եւ ընթերցողներէն, որ չմոռնան հայ գիրքը եւ պահիկ մըն ալ շնչեն անոր իմաստութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES