Մանուշակներս

ՍԻԼՎԻ

– Քեզի համար են ասոնք…

Խօսակիցիս դէմքին նայելու ու զինք լսելու ճիգս ձախող կ՛անցնի: Կ՛աշխատիմ սթափիլ, ոչ թէ ստացածէս, որուն ինչ ըլլալը չեմ տեսներ` հակառակ զայն վերցնելուս, այլ արտասանուած տողէն, որ ցնցեց յիշողութիւնս. նոյն բառերը, բայց` տարբեր ժամանակ ու տարբեր վայր:

Չեմ յաջողիր սանձել յիշողութիւնս ու կեդրոնանալ աշխատանքիս, եւ ո՜վ պիտի չուզէր հոգեւին վերադառնալ այն ազատ ու մաքուր լեռները, ուր ամէն գարնան բնութեան գիրկը վայրի ծաղիկներ հաւաքելով` կը մոռնար ժամանակի գոյութիւնը, ո՜վ պիտի չուզէր վերադառնալ հոն, ուր առաջին անգամ զգացեր էր սրտին թռվռալը, ուր իր բարի երազները հիւսեր ու երգեր էր առաջին սէրը:

Քեսապի խաղաղ լեռներուն վրայ սերունդներ իրենց անհոգ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցեր են,  իրենց լեռնականի քաջ ու ազնիւ բնաւորութիւնն ու նկարագիրն են կերտեր, սներ ու հարստացեր են բնութեան ամէնէն փոքր մասնիկներով, անոնց բոլորին հոգին լեցուեր է վայրի ու լեռնային գեղեցկութեամբ:

Գարուն էր. դպրոցական օրերէն մէկը: Սովորականէն աւելի կայտառ, կազմ ու պատրաստ կը սպասեմ ընկերուհիս, որ միասին շարունակենք մեր ճամբան դէպի դպրոց: Հինգ վայրկեան երկարող ճամբան, ինը ամիս, արեւ-անձրեւ, ձիւն ու մրրիկ` մենք կը քալէինք կէս ժամէն: Կը քալէինք հանգիստ ու դանդաղ, մէկ-մէկ վերյիշելով անցած դէպքերը, շատ յաճախ որոնելով աշխարհի խնդիրներու լուծման եղանակներ եւ միշտ մոռնալով դասն ու գրաւորը: Կը բարեւէինք ոչ միայն մեր քովէն հապճեպով անցնող աշակերտներուն, այլեւ` ճամբան եզերող քարին, թուփին, ծաղիկին ու խոտին: Իսկ անձրեւի տարափը բան չէր ըսեր մեզի, կը քալէինք հովանոցի օգնութեամբ, նոյնքան հանդարտ, զառիվայրէն ջուրի ուղխերը մեր ոտքերուն տակ կը բերէինք, հոգ չէր,  եթէ նոյնիսկ թրջուէին մեր գուլպաները, կարեւորը բնութեան բոլոր բաղադրիչերուն հետ խաղալով հրճուիլն էր: Երկար կը քալէինք, բայց չէինք ուշանար:

Դասաւանդութիւնը կը սկսէր: Ո՜վ կրնար դիմանալ բնութեան առինքնող ձայնին: Բոլորին աչքերը դէպի ծաղկած անտառներն էին: Գարնան հետ բացուած էին նաեւ մեր սրտերը: Մենք ինչո՞վ մեղաւոր էինք, որ չէինք կրնար դասի հետեւել, երբ բացուած ծաղիկներուն հոտը, հողին բոյրը, թռչուններուն կանչը կը լեցնէին դասարանը ու կը զգլխէին մեզմէ իւրաքանչիւրս: Մեր աչքերը ժամացոյցը կը փնտռեն, ու անհամբեր կը սպասենք զբօսանքի զանգին: Մեր ոտքերը մարմինէն առաջ բակ կը հասնին: Հացը ձեռքս` կը սպասեմ ընկերներուս, որ գրաւենք մեր անկիւնը, յանկարծ…

– Քեզի համար են ասոնք,- ըսաւ ու երկարեց կապոյտ փունջը:

Խնամքով քաղուած ու մէկ-մէկ շարուած մանուշակներուն հրաշք փունջը առի ու մատներուս հպումով շոյեցի անոնց գլխիկները, որոնք իսկոյն փոխանցեցին այն ջերմ ու մաքուր զգացումներն ու ապրումները, որ տեսած ու ապրած էին մինչեւ լոյս:

– Ուրկէ՞քաղեցիր:

– Մեր տան ետեւի անտառէն: Եթէ կ՛ուզես, օր մը միասին երթանք մանուշակ քաղելու:

– Այո՛, կ՛երթանք,-համաձայնեցանք…

Մինչեւ տուն կը մտածէի` ինչպէ՞ս դնեմ հրաշք ծաղիկները, որպէսզի անոնց  փոքրիկ գլխիկները չվիրաւորուին:

Տարիները թաւալեցան անձայն… Ամէն գարնան,  երբ հրաշք ծաղիկները կը բացուին, ես կը յիշեմ կորսնցուցած փունջս ու կը ցաւիմ չիրագործած խոստումիս համար:

Այս տարի մեր լեռներուն անդորրը փոխարինուեցաւ վառօդի սեւ ծուխով ու թնդանօթի ձայնով: Գարնան, երբ ծաղկեցաւ բնութիւնը եւ մանուշակները բարձրացուցին իրենց գլխիկները հողէն, մեզ չտեսան, մենք արդէն տեղահանուած էինք: Ոչ ոք կրցաւ կապոյտ փունջեր հաւաքել: Այս տարի սրտիկերն ալ հայրենի եզերքէն հեռու ծաղկեցան, բայց բախտաւորութիւն ունեցան գոնէ տուն դառնալու: Պէտք է տուն դառնային… Մայր հողին մէջ ծառը եթէ արմատ չնետէ, տեսակ-տեսակ փորձանքներ կու գայ գլխուն… մայրենի հողը պարարտ հող է… մայրենի հողին վրայ պէտք է ծլիլ ու ծաղկիլ, կ՛ըսեն մեր մեծ հայրերը:

Ամուր սեղմած եմ փունջը: Ո՛չ, այս անգամ պիտի չկորսնցնեմ զայն, այս անգամ պիտի պահեմ մանուշակները, ու ձեռքս կ՛երկարեմ շոյելու գլխիկները…եւ ի՜նչ յուսախաբութիւն, ճերմա՜կ վարդեր…փշոտ վարդեր: Այս մեծ քաղաքին մէջ քնքուշ մանուշակը ինչպէ՞ս ապրի, ինչպէ՞ս պահէ ինքզինքը… Առանց մանուշակի` ի՜նչ քաղաք է այս, կը մտածեմ: Ականջիս մէջ երգին բառերը կը տողանցեն.

Ձորափին աննկատ,  մի կապոյտ մանուշակ,

Հոգուս պէս` հայկական, գեղեցիկ եւ սիրուն, բայց` մենակ:

Քամին թող փչի, դիմացի՛ր, կապո՛յտ մանուշակ…:

Է՜հ, եկող գարնան ո՜վ գիտէ ինչպէս պիտի բացուին մեր մանուշակները:

Կը նայիմ վարդերուն, կը մտաբերեմ հայրենի եզերքիս մանուշակները, կորսնցուցած փունջս ու փունջ մը կրկին հաւաքելու երազ դարձած խոստումս…

 

 

Share this Article
CATEGORIES