Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքին Միջեւ Պատմական Հանդիպում Յունաստանի Քոմոթինի Քաղաքին Մէջ
Երեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Յունաստանի հիւսիսային Քոմոթինի քաղաքին մէջ, Բարթողիմէոս տիեզերական պատրիարքին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին միջեւ պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ:
Յետմիջօրէին տիեզերական պատրիարքը եւ վեհափառ հայրապետը առանձին հանդիպում մը ունեցան: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան, միջեկեղեցական շարժումին եւ յատկապէս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ զանազան այլ հարցեր:
Երեկոյեան, երկու հոգեւոր պետերը միասնաբար այցելեցին Քոմոթինիի հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Եկեղեցւոյ մուտքին անոնք ջերմօրէն դիմաւորուեցան հայ եւ յոյն հաւատացեալներու հսկայ բազմութեան կողմէ: Ներկայ էին պետական, կրօնական եւ զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ գոհաբանական արարողութիւն: Խօսք առնելով Յունաստանի թեմի առաջնորդը ողջունեց տիեզերական պատրիարքին ու վեհափառ հայրապետին միատեղ այցելութիւնը: Յաջորդաբար խօսք առին նաեւ եկեղեցւոյ ատենապետ` Ստեփան Մատթէոսեան եւ Յունաստանի թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան:
Ապա, խօսք առնելով վեհափառ հայրապետը ողջունեց տիեզերական պատրիարքին ներկայութիւնը: Վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին, կարեւորութեամբ ընդգծեց միջկրօնական եւ միջեկեղեցական գործակցութեան հրամայականը:
Պատասխանելով վեհափառ հայրապետին խօսքին` Բարթողիմէոս պատրիարքը խօսեցաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու պատմական գործակցութեան մասին: Ան նշեց, որ այսօր եւս նոյն գործակցութիւնը գոյութիւն ունի` հակառակ առկայ աստուածաբանական տարբերութիւններուն: Այս ծիրին մէջ ան շեշտեց աստուածաբանական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ սկսած է շուրջ երեք տասնամեակներէ ի վեր: Տիեզերական պատրիարքը իր խօսքը եզրակացուց գնահատելով հայ ժողովուրդի ունեցած հաւատքի տոկունութիւնը եւ իր զօրակցութիւնն ու ամբողջական յաջողութիւնը փոխանցեց վեհափառ հայրապետին, յատկապէս Միջին Արեւելքի այս տագնապալից օրերուն:
Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ:

