Վեհափառ Հայրապետը` Թեսաղոնիկէի Մէջ

0924_Aram_Thesaloniki_0295Արամ Ա. կաթողիկոս չորեքշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին հասաւ Թեսաղոնիկէ: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ  Խորէն արք. Տողրամաճեան, կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, գաւազանակիր Սմբատ աբղյ. Սապունճեան, Ազգային իշխանութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան եւ վեհափառ հայրապետի այցելութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ  Պօղոս Չոլաքեան:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր շքախումբով այցելեց Թեսաղոնիկէի յունաց Առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցաւ Թեսաղոնիկէի Անթիմոս մետրոպոլիտին կողմէ: Ան ողջունելով վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը նշեց եկեղեցիներու միջեւ միութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` դիմագրաւելու համար ներկայ աշխարհի տագնապները:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց ընդհանրապէս Յունաստանի եւ յատկապէս Թեսաղոնիկէի հայութեան կարեւոր նպաստը երկրին: Ան ըսաւ, որ պատմական գաղութ եղած է Թեսաղոնիկէն եւ յատուկ տեղ ունի մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ:

Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Վեհափառ հայրապետը, հայ եւ յոյն առաջնորդներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Բալամաս եկեղեցին: Յետմիջօրէին վեհափառ հայրապետը իր շքախումբով եւ մետրոպոլիտին ընկերակցութեամբ այցելեց Թեսաղոնիկէ քաղաքի պաշտպան սուրբին` Ս. Տիմիթրիսի եւ Ս. Սոֆիայի պատմական եկեղեցիները:

Երեկոյեան  վեհափառ հայրապետը այցելեց  Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Յունաստանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, թաղական խորհուրդին եւ ժողովուրդին կողմէ: Կանոնական աղօթքէն ետք, Խորէն Սրբազան բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին:

Արամ Ա. կաթողիկոս հայրական սիրով ողջունելէ ետք Թեսաղոնիկէի հայութիւնը, անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ առանցքային ներկայութեան ու դերակատարութեան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հայ եկեղեցին Աստուծոյ տունը ըլլալով, է նաեւ մեր ազգին տունը, հետեւաբար, պէտք է հաւաքուինք մեր եկեղեցւոյ շուրջ, ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ան նաեւ ընդգծեց գաղութներու կեանքին մէջ գործող կառոյցներուն դերը: Ան ըսաւ, որ գաղութ մը կը դառնայ զօրեղ ու կազմակերպ իր հոգեւոր, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներով: Սակայն, այդ կառոյցները կը դառնան կենսունակ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցութեամբ, յիշեցուց վեհափառ հայրապետը ու կոչ ուղղեց այս նպատակով եւ ուղղութեամբ զօրացնելու մեր բոլոր կառոյցները: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, Ազգային վարչութեան եւ յարակից մարմիններուն, որոնք զանազան ձեւերով կը ծառայեն Թեսաղոնիկէի հայութեան:

Եկեղեցական արարողութէնէն ետք, վեհափառ հայրապետը եւ առաջնորդ սրբազանը հանդիպում ունեցան Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին մէջ գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք անոնց զեկուցումները, հետեւեալ թելադրութիւնները կատարեց. Ա.) Գաղութ մը կը հզօրանայ իր կառոյցներով, հետեւաբար կառոյցներու վերակազմակերպումը եւ արդիականացումը հրամայական է: Բ.) Անհրաժեշտ է մեր երիտասարդութիւնը համախմբել մեր կառոյցներուն շուրջ, եւ որպէսզի այս աշխատանքը ըլլայ աւելի հեզասահ, անհրաժեշտ է մեր մօտեցումներն ու մեթոտները վերատեսութեան ենթարկել` դառնալու համար համահունչ ներկայ աշխարհի պայմաններուն: Գ.) Յատուկ կարեւորութիւն ընծայել հայ եկեղեցւոյ` իբրեւ կեդրոնական հաստատութիւն գաղութի մը կեանքին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES