Հունգարիա Դադրեցուցած Է Դէպի Ուքրանիա Կազի Մատակարարումը
«Քոմերսանթ»` յղում կատարելով հունգարական «Էֆ.Ճի.Էս.Զետ.» ընկերութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, կը հաղորդէ, որ հունգարական ընկերութիւնը որոշ ժամանակով դադրեցուցած է կազի մատակարարումը Ուքրանիա` «երկրին մէջ կազի էական պահանջարկի մեծնալուն պատճառով»:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ մատակարարումներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ցանցի հաւասարակշռութիւնը պահելու համար անհրաժեշտ եղած է փոխել «Թեսթվերիսեկ» խողովակաշարին ուղղութիւնը եւ այնպէս ընել, որ անիկա աշխատի ներքին շուկային մէջ մատակարարումներու համար:
CATEGORIES Միջազգային

