Փորոշենքօ. «Ռուսիա Որոշած Է Երկրին Երեսէն Բնաջնջել Ուքրանացիները»

Փիոթըր Փորոշենքօ

Փիոթըր Փորոշենքօ

Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ մամլոյ ասուլիսի մը սկիզբը մէջբերած է Ուիլիըմ Շէյքսփիրը: Ան իր ներածական խօսքին մէջ յիշեցուցած է Շէյքսփիրի «Համլեթ»-ը եւ նշած, որ ուքրանացիներուն առջեւ դրուած է հետեւեալ հարցը. «Ըլլա՞լ, թէ՞ չըլլալ»: Ան յայտարարած է, որ Ռուսիա որոշած է երկրին երեսէն բնաջնջել ուքրանացիները:

Ան նշած է, որ Ուքրանիան արդէն անցած է ամէնէն վտանգաւոր շրջանը, եւ խաղաղութիւնը լեռներու ետին չէ:

Ուքրանիոյ նախագահը ըսած է, որ երկիրը տակաւին պէտք է բարեփոխումներու երկար ճամբայէ անցնի դէպի կայունութիւն ու յաջողութիւն: «Միայն բարեփոխումները կրնան բաւարարել ուքրանացիներուն յեղափոխական տենչը: Ատոր այլընտրանքը Ռուսիոյ հետ մինակ մնալն է», ըսած է ան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է կտրել տնտեսութեան նոր աւատապետական համակարգը, ուր երկրին մէջ միայն քանի մը սակաւապետեր կը հարստանան:

Ուքրանիոյ նախագահը նաեւ ստորագրած է «Խրիմի մէջ ազատ տնտեսական գօտիի մէջ հարկային եւ մաքսային վերահսկողութեան մասին» օրէնքը:

Յիշեցնենք, որ 16 մարտին տեղի ունեցած հանրաքուէով Խրիմ անջատուած է Ուքրանիայէն եւ միացած Ռուսիոյ:

 

Share this Article
CATEGORIES