Էրտողան Օպամայի Եւ Պայտընի Հետ Քննարկած Է ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Հարցը

Պայտըն եւ Էրտողան
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ըստ թուրք պաշտօնատարներու, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները հինգշաբթի օր քննարկած են ահաբեկչական խմբաւորումներու վտանգն ու սուրիական տագնապին հարցը:
Թուրքիոյ նախագահին մօտիկ թրքական աղբիւրներ յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, նախքան վերջինիս Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ Նիւ Եորքի պանդոկներէն մէկուն մէջ հանդիպում ունենալը:
Էրտողան եւ Օպամա շրջանին մէջ ահաբեկչական կազմակերպութեանց, ներառեալ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու գործընկերութիւնը շեշտած են:
Աղբիւրը նշած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները համաձայնած են Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչական ճգնաժամի հարցով սերտ կապի մէջ մնալու:
Ըստ տեղեկութեանց, Պայտընի եւ Էրտողանի հանդիպումը դռնփակ եղած է, սակայն թէ՛ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, թէ՛ հանդիպումը տեղի ունեցած են ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:

