«Իրան Եւ Վեցեակը Շատ Մօտ Են Հիւլէական Խնդիրի Լուծումին» Կ՛ըսէ Շթայնմայըր

Շթայնմայըր եւ Ռուհանի

Շթայնմայըր եւ Ռուհանի

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայըր Նիւ Եորքի մէջ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Իրան եւ Վեցեակը «տակաւին երբեք այսքան մօտ չեն եղած» հիւլէական հարցի շուրջ համաձայնութեան կնքման:

«Նախապէս երբեք մենք այսքան մօտ չենք եղած գործարքը կնքելուն, որքան այժմ: Սակայն ճշմարիտ է, որ բանակցութիւններու եզրափակիչ հանգրուանը ամէնէն բարդն է: Եկած է այդ տագնապին վերջ դնելու ժամանակը: Յոյսով եմ, որ Իրանը` մեկնելով աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի կացութենէն, գիտէ եւ կը զգայ, որ բանակցութիւններու ձախողութիւնը այժմ պարզապէս անթոյլատրելի է», յայտարարած է Շթայնմայըր:

Իրանի նախագահը հինգշաբթի օր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յոյս յայտնած էր, որ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ համաձայնութիւնը կրնայ ձեռք բերուիլ «կարճ ժամանակի մէջ»: Ռուհանի նաեւ նշած էր, որ Իրան պիտի շարունակէ խաղաղ նպատակներու համար հիւլէական ծրագիրը, ներառեալ` իւրանիոմի հարստացումը:

Share this Article
CATEGORIES