Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Գրաւած Քարիւղի Արտադրութեան Ենթակառոյցները Կը Շարունակեն Դաշնակից Ուժերու Հարուածներուն Թիրախը Մնալ

0926_SyriaՌուսիոյ ազգային անվտանգութեան քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ յայտնեց, որ «ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն թիւը 30-50 հազար է, անոնք ամերիկեան, եւրոպական եւ ԱՊՀ-ի երկիրներու քաղաքացիութեան տէր են»` նշելով միաժամանակ, որ «անոնք միջազգային ապահովութեան իսկական վտանգ կը ներկայացնեն»:

Փենթակոն հրապարակեց վերջին երեք օրերուն ընթացքին արեւելեան Սուրիոյ մէջ ամերիկեան, սէուտական եւ էմիրաթական օդանաւերու հարուածներուն թիրախը դարձած քարիւղի զտարաններուն ռմբակոծման լուսանկարները:

Դաշնակից ուժերուն օդանաւերը իրենց յարձակումները շարունակելով հարուածեցին Տէր Զօրի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թանաք քարիւղի դաշտին շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ ոչ սուրիացի զինեալներէ բաղկացած այլ իսլամական խմբաւորումներու դիրքերն ու կեդրոնները:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ օդանաւերը հարուածած են Տէր Զօրի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Քորիյէ անապատին քարիւղի ենթակառոյցները: Աղբիւրը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ ծայրայեղական իսլամականներու դէմ օդային հարուածներու սկիզբէն ի վեր 141 իսլամական զինեալներ սպաննուած են:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ բազմաթիւ զինեալ խմբաւորումներ իրենց կեդրոններն ու զինապահեստանոցները լքած են: Նշեալ շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի կեդրոնատեղիին դէմ ուղղուած օդային հարուածի մը պատճառով 50 զինեալներ սպաննուած են:

Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները օդային հարուածներէն զգուշանալով իրենց դիրքերէն եւ կեդրոններէն հեռացած են ու պահուըտած տուներու մէջ` քաղաքային բնակչութեան մօտ: Երէկ հաղորդուեցաւ, որ օդային հարուածներուն պատճառով ՏԱՀԵՇ-ի գրաւած քարիւղի հանքերուն աշխատանքը դադրեցուած է:

Միւս կողմէ, Դանիոյ վարչապետը յայտարարեց, որ իր երկիրը 7 «Էֆ-16»-եր Իրաք ուղարկած է` մասնակցելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակումներուն:

Լաւրով. «Մոսկուա Պատրաստ Է Աջակցելու
ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին»

Լաւրով

Լաւրով

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը հաղորդուի, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաւաստած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ պայքարին մէջ Իրաքի իշխանութիւններուն աջակցութիւն ցուցաբերելու Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը:

25 սեպտեմբերի հանդիպումը տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 69-րդ նիստի ծիրին մէջ:

Ինչպէս կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, Լաւրով հաւաստած է Ռուսիոյ անփոփոխ աջակցութիւնը Իրաքի անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան: «Ընդգծուած է, որ Մոսկուայի մէջ պատրաստ են այսուհետեւ ալ աջակցութիւն ցուցաբերելու Իրաքի ղեկավարութեան ահաբեկչական սպառնալիքին, նախ եւ առաջ ի դէմս ՏԱՀԵՇ-ի, հակահարուած հասցնելու անոր ջանքերուն մէջ», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:

Նախապէս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան բաժանմունքը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ ամերիկեան օդային հարուածներուն վերաբերեալ մեկնաբանութիւն հրապարակած էր: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ մեկնաբանութեան մէջ նշուած է. «Այս օրերուն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն լոյսին տակ` Ռուսիա հանդէս կու գայ յօգուտ ահաբեկչութեան արդիւնաւէտօրէն հակազդելու հետեւողական ու սկզբունքային գիծին: Մեր համոզումով` անհրաժեշտ է ահաբեկչութեան հիմնախնդիրի եւ ատոր ծաւալման պատճառներուն խոր եւ համապարփակ վերլուծութիւն… Մենք միջազգային ընտանիքի բոլոր պատասխանատու անդամներուն կոչ կ՛ուղղենք` մասնակցելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ընդհանուր ռազմավարութեան մշակման եւ անոր գործադրութեան»:

Share this Article
CATEGORIES