Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ մերժեց ստորագրել Լիբանանեան համալսարանի կրթաթոշակի յաւելումին վերաբերող որոշումը` նկատի ունենալով, որ այդ յաւելումը շատ մեծ է:

ՊԱՊ Թըպպանէի մէջ նախանցեալ գիշեր առեւանգուած ներքին ապահովութեան ուժերու երկու զինուորներ երէկ առաւօտեան ազատ արձակուեցան:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ զինուորական մագլցումներուն առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը նախանցեալ երեկոյեան ձախողեցուցած է Արսալի բարձունքներէն դէպի Արսալ թափանցել փորձող զինեալներուն շարժումը եւ ռմբակոծած է զանոնք` պատճառելով վիրաւորներ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ շեշտեց, որ Թրիփոլի տակաւին գերին է որոշ միլիսական շարժումներու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Նահար» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ քաջ գիտէ, թէ Արքուպը անպայման թիրախ պիտի դառնայ ահաբեկչութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի պահանջեց, որ Հըզպալլան Սուրիայէն դուրս գայ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի սահմաններուն ապահովութիւնը երաշխաւորել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Արսալ լիբանանեան գիւղաքաղաք մըն է, որ պետութեան եւ բանակին կառչած կը մնայ, սակայն անարդարութենէ կը տառապի:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Նահար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուներէն, կը գրէ, թէ ոմանք կը շեշտեն սադրանքները Լիբանան փոխադրելու անհրաժեշտութիւնը:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիբանանեան պայքար շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ֆայսալ Տաուտ լիբանանեան բանակէն պահանջեց Շեպաայի եւ Ռաշայայի մէջ իրենց հսկողութիւնը խստացնել` կանխարգիլելու համար ապահովական որեւէ զարգացում:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը սուրիացի գաղթականներուն հաստատած ապաստանարաններուն մօտ ամրապնդած է իր դիրքաւորումը եւ կարգ մը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու մաս կազմող յանցագործներ կը հետապնդէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, լիբանանցի կարգ մը նախարարներ պահանջած են, որ որեւէ համաձայնութեան պարագային անհրաժեշտ նկատուի զինեալներուն հեռացումը Արսալի բարձունքներէն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, քաթարեան եւ թրքական ջանքերը տակաւին կը շարունակուին բանակայինները առեւանգող կողմերուն հետ բանակցելու:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը Թրիփոլիի մէջ կը հսկէ այնպիսի վայրեր, որոնք Քայիտային անդամակցելու յանցանքով պահանջուած ահաբեկիչներու թաքստոցներն են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ շեշտեցին, որ Տար Ֆաթուայի հոգեւոր վեհաժողովը իր մատը դրած է ներկայիս երկիրը յուզող հանգրուանին վէրքին վրայ:

ՄԱՐՏ 8-ի մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին ընդմէջէն հաւանական նկատեցին, որ Արսալի մէջ տիրող իրարանցումին համեմատութիւնը բարձրանայ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա խոստացած է միջամտել Արսալի մէջ տիրող կացութեան, եթէ առեւանգուած զինուորներէն ոեւէ մէկուն վնաս հասնի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու ջանքերը տակաւին ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրած են: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կան լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժեր, որոնք պատասխանատու են Թրիփոլիի կացութիւնը լարուած պահելու:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար շեշտեց, որ իբրեւ լիբանանցիներ պէտք է իսլամական-քրիստոնէական համակեցութեան ընդմէջէն ամրապնդենք երկրին ներքին կայունութիւնը, որպէսզի կարենանք պահպանել մեր երկիրը:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին եւ երեսփոխան Մույին Մերեհպիի նպատակն է սադրանքներ հրահրել եւ Արսալի մէջ տիրող կացութիւնը շահագործել` համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններ ստեղծելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES