«Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Առումով Կառավարութեան Ջանքերը Ապարդիւն Դուրս Պիտի Գան» Յայտնեց Ժահժահ

geagea-24-9Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով կառավարութեան ջաքերը ապարդիւն դուրս պիտի գան` ընդգծելով, որ կան երկու կարելիութիւններ` զինուորները ազատ արձակելու առումով:

Ըստ Ժահժահի, այդ կարելիութիւններէն մէկը այն է, որ կառավարութիւնը որոշէ Սուրիայէն Հըզպալլայի նահանջը եւ կամ այն է, որ բանակը զինուորական յարձակում մը շղթայազերծէ զինեալներուն դէմ եւ բռնի ուժով ազատ արձակէ առեւանգեալները:

Ժահժահ կոչ ուղղեց անմիջապէս նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

Share this Article
CATEGORIES