Ժեմայէլ. «Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Համար Նախագահական Ընտրութիւնը Առաջնահերթութիւն Է»

Ժեմայէլի մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Ժեմայէլի մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան համար նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ Արսալի մէջ պատահածը դիւրին բան չէ եւ անոր զուգահեռ բանակին կատարածը հերոսութիւն է` իսկ լիբանանեան պետութիւնն ու ամբողջ Լիբանանը չեն կրնար բանակին կողքին չըլլալ:

«Բանակին պարտականութիւնը դժուար է եւ ծանր, յատկապէս նկատի ունենալով արտաքին եւ ներքին առումով արձանագրուած իրարանցումը: Մենք լաւ գիտենք առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն ցաւը, անոնց նեցուկ կը կանգնինք եւ իրենց դատը մեր դատը կը նկատենք ու անոր համար կը պայքարինք, որովհետեւ այնքան ատեն որ բանակի զինուոր մը իսկ առեւանգուած է, ապա ամբողջ Լիբանանը առեւանգուած կը նկատուի», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ մաղթեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին:

Ան շեշտեց, որ այս բոլորը պէտք է քաջալերեն, որ նախագահական ընտրութիւն կատարուի, որովհետեւ երկրի մը հանրապետութեան նախագահն է, որ կը համախմբէ երկիրը:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ ըստ լիբանանեան ազգային սկզբունքներուն, միայն հանրապետութեան նախագահն է, որ երկրէն դուրս լիբանանցիներուն անունով կը խօսի, եւ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կը սպասեն նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութենէն բացի կատարուելիք օրէնսդրական աշխատանքը դատարկաբանութիւն է:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ իրենք համաձայն են աշխատավարձի յաւելումները կատարելու կարելիութեան շուրջ` շեշտելով, որ իրենց կեցուածքը սկիզբէն ի վեր յստակ է այդ գծով, սակայն մտահոգ են անոր վաւերացուելուն ձեւով:

Ժեմայէլ մամլոյ ասուլիսը եզրափակեց կոչ ուղղելով ազգային գիտակցութեան եւ ազգային պատասխանատուութեան ստան-ձնումին:

 

Share this Article
CATEGORIES