Պասիլ-Մոալլեմ Հանդիպում

Պասիլ եւ Մոալլեմ

Պասիլ եւ Մոալլեմ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանան պաշտօնապէս կը զօրակցի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բոլոր ձեւերուն, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնի միջազգային այն օրէնքին, որուն հիման վրայ կ՛արտօնուի ուղղակի հարուածներ հասցնել ՏԱՀԵՇ-ին:

Պասիլ շեշտեց, որ պէտք չէ պատճառաբանութիւններ ստեղծել ՏԱՀԵՇ-ին Լիբանանի մէջ գոյութեան` ըսելով, որ անոնք Լիբանան հասած են Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի գոյութեան պատճառով: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան բանակը միշտ ալ թիրախ եղած է սպանութեան եւ ահաբեկչութեան: «2000-ին, երբ ՏԱՀԵՇ լիբանանեան բանակի սպայ մը գլխատեց, եւ աւելի ուշ, երբ Նահր Պարետի պատերազմը բռնկեցաւ, Սուրիոյ մէջ տագնապ չկար, հետեւաբար քաղաքական պատճառաբանութիւններ ներկայացնելու կարիք չկայ», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց նաեւ, որ այլեւս ոչ մէկ սուրիացի գաղթական պէտք է հասնի Լիբանան` ընդգծելով, որ գաղթականները Լիբանան կը հասնին ոչ թէ մարդկային կամ ապահովական պատճառներով, այլ` տնտեսական:

 

Share this Article
CATEGORIES