Նազարեան Քեսրուանի Երեսփոխաններուն Հետ Քննարկեց Թապարժայի Վերաբերող Հարցեր

Հանդիպումէն պահ մը
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Քեսրուանի երեսփոխաններ Ֆարիտ Խազենը, Եուսեֆ Խալիլը, Ժիլպերթ Զուէյնը եւ Նաամթալլա Ապի Նասըրը` ներկայութեամբ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի եւ Ժունիէի ու Թապարժայի քաղաքապետներ Անթուան Աֆրամի եւ Ժորժ Քազզիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Թապարժայի կոյուղիին հարցը, որուն պատճառով շրջանին ծովը կ՛ապականի` պատճառելով կենսոլորտի ահաւոր ապականում:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այդ հարցը լուծելու հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան

