Պըրրի Ընդունեց Ֆրանսացի Նախարարը

Ֆրանսական պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն պահ մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի քաղաքացիական ծառայութեան նախարար Մարիլիզ Լուպրանշոն, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի. հանդիպումը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Մահմուտ Պըրրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն վերաբերող բարգաւաճման ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւնները բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Մարոնի միաբանութեան նախագահ հայր Թաննուս Նաամէ եւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահտ:
Միւս կողմէ, Պըրրի հաստատեց, որ ինք օրէնսդրական նիստի մը պիտի չհրաւիրէ խորհրդարանը, մինչեւ որ պետական պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու եւ զինուորականներու ամսական աշխատավարձի թղթածրարը վաւերացնելու յստակ լուծում մը չներկայացուի իրեն:
Պըրրի յայտնեց, որ այս հարցին վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին խորհրդարանի դիւանի նիստին:

