ՏԱՀԵՇ-ի Ի Նպաստ Ցոյց` Պապ Թըպպանէի Եւ Արսալի Մէջ

0926_syrian_refugees_protestՄինչ լիբանանեան բանակը շարունակեց լեռնային Արսալը քաղաքէն անջատել եւ արգիլել զինեալներուն կողմէ լեռնային շրջաններէն Արսալ մուտքը, Պապ Թըպպանէի եւ Արսալի մէջ երէկ կէսօրին, ուրբաթ օրուան նամազէն ետք արձանագրուեցան բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին ողջոյնի խօսքեր ուղղուեցան ՏԱՀԵՇ-ի հասցէին` մերժելով Արսալի մէջ բանակին որդեգրած միջոցառումները:

Արսալի մէջ սուրիացի գաղթականները բողոքեցին լիբանանեան բանակին դէմ եւ կոչ ուղղեցին Քալամունի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի «իշխանին»` Ապու Մալեք Շամիի (ծանօթ` Ապու Մալեք Թալլէ կեղծանունով) մուտք գործելու Լիբանան եւ հասնելու Պէյրութ:

Նշենք, որ նման ցոյցեր կազմակերպելու կոչը ուղղուած էր նախանցեալ օր` Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին կողմէ:

Միւս կողմէ, առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները փակեցին Տահր Ահմարի, Ռաշայայի, Տահր Պայտարի, Զահլէի, Սաատնայէլի եւ Պաալպեքի ճամբաները` պահանջելով իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը:

Նշենք, որ Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող առեւանգուած կարգ մը զինուորներուն առիթ տրուեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալու իրենց ընտանիքներուն հետ:

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հանդիպում մը ունեցաւ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն հետ եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի անունով խնդրեց անոնցմէ միասնական մնալ:

Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց ազատ արձակելու բանակայինները եւ որդեգրելու փոխանակման սկզբունքը:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հաստատեց, որ հակառակ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժերուն ցուցաբերած մերժումին, Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայաններ պիտի կառուցէ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES