«Ահաբեկիչներուն Ոճիրները Խոչընդոտեցին Առեւանգուած Զինուորականները Ազատ Արձակելու Կառավարութեան Ջանքերը» Ըսաւ Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Սալամ` իր ելոյթին պահուն
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ ահաբեկիչներուն ոճիրները խոչընդոտած են առեւանգուած զինուորականները ազատ արձակելու կառավարութեան ջանքերը:
Ան շեշտեց, որ այս իմաստով իրենք իրենց սկզբունքներէն ոչինչ պիտի զիջին եւ կառչած պիտի մնան առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակման քայլերուն` պահպանելով լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը եւ Լիբանանի անվտանգութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին առումով լիբանանցիները կը զօրակցին իրենց բանակին, որ ազգային գերիշխանութեան պահպանումին եւ քաղաքացիական անվտանգութեան ապահովումին հիմնասիւնն է:
Վարչապետ Սալամ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին օժանդակութեան առումով Սէուտական Արաբիոյ առատաձեռն նուիրատուութիւնը` ամրապնդելու համար բանակին զինուորական կարողութիւնները:
Ան աւելցուց, որ այս հանգրուանին ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու առումով ի գործ դրուող ջանքերը կ՛արտացոլեն միջազգային ընտանիքին գիտակցութիւնը` մեր շրջանին վկայած ահաւոր իրավիճակին եւ բռնկած հրդեհներուն վերջ մը տալու անոր նախաձեռնութեան. Լիբանան կ՛ողջունէ այդ իմաստով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ տրուած որոշումները:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ հակառակ լիբանանեան ներքին քաղաքական տարակարծութիւններուն, Լիբանան Միջին Արեւելքի մէջ կը շարունակէ մնալ պատգամ երկիրը` պահպանելով իր բազմազանութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը:
Ան ըսաւ սակայն, որ Սուրիոյ մէջ բռնկած պատերազմը պատճառ դարձած է, որ շուրջ մէկուկէս միլիոն սուրիացիներ գաղթեն Լիբանան, ինչ որ Լիբանանի համար մեծ թիւ է եւ երկրին վրայ ահաւոր բեռ կը նկատուի` տնտեսական եւ կենցաղային իմաստով:
Վարչապետ Սալամ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան վերջ տայ Լիբանանի դէմ գործած իր ցամաքային, ծովային եւ օդային յարձակումներուն եւ գործակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ` ճշդելու համար սահմանային Կապոյտ գիծերը, ինչպէս նաեւ անմիջապէս հեռանայ Հիւսիսային Ղաժարէն, Մազարեհ Շեպաայէն եւ Քֆարշուպայի բարձունքներէն:

Քերրի եւ Սալամամ
Միւս կողմէ, Նիւ Եորքի մէջ երէկուան իր հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտի եւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Քերրի շեշտեց Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութեան նկատմամբ:
Քերրի շեշտեց ամէնէն արագ միջոցին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը, դրուատեց Լիբանանի կառավարութեան կողմէ երկրին սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը եւ ընդգծեց այս իմաստով լիբանանեան բանակին կատարուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնը:

