Հրապարակուեցաւ Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցութեան Համաձայնագիրի Նախագիծը

0926_Ministry-of-Foreign-AffairsԼրատու միջոցներու խնդրանքով եւ նկատի  առնելով այն հանգամանքը, որ բանակցող կողմերուն միջեւ փոխուած է պայմանաւորուածութիւնը նախագիծի համաձայնագիրը չհրապարակելու մասին` հրապարակուած է «Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին 29 մայիս 2014-ին համաձայնագիրին Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու մասին» համաձայնագիրի նախագիծը. այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջը:

Արտաքին գործոց նախարարութենէն  ուշադրութիւն կը  հրաւիրեն այն հանգամանքին վրայ, որ մինչեւ  վերոյիշեալ համաձայնագիրին ստորագրումը կողմերուն համաձայնութեամբ փոփոխութիւն կարելի է կատարել անոր մէջ:

Share this Article
CATEGORIES