Միացեալ Նահանգներու Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Տեսակցած Է Յառաջատար Փորձագէտներու Հետ

8346_bՆախագահ Սերժ Սարգսեան Միացեալ Նահանգներ տուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ տեսակցած է Միացեալ Նահանգներու միջազգային յարաբերութիւններու մարզին մէջ յառաջատար փորձագէտներ Ճէյմս (Ճիմ) Քոլինզի, Ճէյմս (Ճիմ) Թրոպի, Սթիվըն Սեսթանովիչի եւՎալի Նասրի հետ: Հայաստանի նախագահն ու միջազգային փորձագէտները հիւրընկալած է ամերիկահայ բարերար Ասօ Դաւիթեան:

Փորձագէտները նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցած են Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի շրջաններուն իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ իրենց գնահատականները, տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում, ըսուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES