Խմբագրական. Ժամանակահատուած, Ամպիոն Եւ Առիթ

8293_bՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին նախագահ Սարգսեանի խօսքը իրաւամբ բոլոր պատճառները ունի առանձնանալու այդ ամպիոնէն փոխանցուած նախորդ ելոյթներէն: Իւրայատկութիւնը ունի թէ՛ բովանդակային, թէ՛ կառուցուածքային, թէ՛ շեշտադրումային եւ թէ՛ ոճաբանական հիմնաւորումներ: Այստեղ առիթը օգտագործուած է առաւելագոյն ձեւով ամուր, կարծր դիրքերէ ուղերձներ փոխանցելու:

Խօսքը, իր իւրաքանչիւր պարբերութեամբ եւ իւրաքանչիւր բառով` իր ամբողջութեան մէջ երկարապատում մեկնաբանութիւններու կարիք չունի: Պէտք է կեդրոնանալ ա՛յս ժամանակահատուածին նախագահին կողմէ կատարուած ընտրանքին վրայ` նման բովանդակութեամբ ու շեշտադրումներով միջազգային բարձրագոյն ամպիոնէն աշխարհին ներկայանալու առումով:

Անշուշտ նախ կը նկատուի, որ ներազգային առումով կատարուած յայտարարութիւններու ամբողջութիւնը ունի հաւաքող եւ համախմբող հանգամանք: Շատ քիչ ժամանակ կը բաժնէր ՄԱԿ-ի ելոյթը սփիւռքի ներկայացուցիչներու երեւանեան համագումարի փակման խօսքէն: Եւ եթէ ընդունինք, որ երկրորդը ներքին լսարանի հասցէագրուած խօսք էր, ապա առաջինին եւ երկրորդին միջեւ ոչ միայն միտքերու, այլ նաեւ հռետորաբանութեան որոշակի ներդաշնակութիւն գոյութիւն ունի: Ներքին-արտաքին լսարաններու ուղերձային տրամաբանութեան հետեւողականութիւնը պահուած է: Աւելի՛ն նոյնիսկ. ժողովրդային ասացուածքը օգտագործուած է արտաքին աշխարհին պատգամ փոխանցելու համար: Փաստօրէն ջնջուած են ներքինին եւ արտաքինին միջեւ տարբեր առիթներով երեւցած ե՛ւ բովանդակային, ե՛ւ ոճային տարբերութիւնները:

Պարզ է, որ նման երեւոյթ հայկական աշխարհը այս հարցերուն շուրջ համախմբելու եւ արտաքին ոտնձգութիւնները կանխարգիլելու պետական ռազմավարութեան մաս կը կազմէ: Մանաւանդ, կը շրջէ կիսացաւակցական եւ «հրամմեցէք»-ի շղարշներով հակառակորդին որդեգրած մարտավարական գործողութիւններուն կանոնները: Թրքական խաղաղասիրական խաբկանքը Նիւ Եորքի մէջ կը բախի հայկական կարծր դիրքորոշումին:

Նախագահ Սարգսեան թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Նիւ Եորքի մէջ կը կատարէր նոյն յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, Երեւանը լրջօրէն կը քննարկէ արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ  կանչելու հաւանականութիւնը: Այս յայտարարութեան հիմնաւորումը կը վերաբերի Անգարայի կիրարկած նախապայմանային քաղաքականութեան: Համաձայնագիրներ վաւերացնելու (կամ չվաւերացնելու)  ընթացակարգը ունի հանգրուանային կանգառներ: Նախագահին կողմէ կնքուած փաստաթուղթի սահմանադրական դատարան յղում, սահմանադրականութեան (չ)հաստատում (թէկուզ վերապահումներով), յղում խորհրդարան, խորհրդարանի օրակարգի ներառում, քննարկում եւ վաւերացում: Ուրեմն, արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելը չի նշանակեր, որ Երեւանը իր ստորագրութիւնը յետս կը կոչէ արձանագրութիւններէն, ինչ որ միայն այդ պարագային կ՛անվաւերացնէ արձանագրութիւնները: Այստեղ եւս պարզ է, որ յաչս միջազգային ընտանիքին, Երեւան կը փորձէ ցոյց տալ, որ ինք չէ նախաձեռնողը արձանագրութիւններու մերժումին: Երեւանը չէ՛ նախապայման դնողը, Երեւանը չէ՛ շրջափակողը, Երեւանը չէ՛ արձանագրութիւնները մերժողը: Թէեւ նման յայտարարութենէն ետք, թէկուզ ոչ իրաւականօրէն, այսուհանդերձ քաղաքականօրէն խիստ տարակուսելի կը մնայ այդ արձանագրութիւններու գործնականացման հաւանականութիւնը:

ՄԱԿ-ի միեւնոյն Ընդհանուր ժողովին Անգարայի դիրքերը կը թուէին, որ նոյն ուժգնութիւնը չունին: Անգարան, Իսլամական պետութեան դէմ յայտարարուած դաշինքին միանալու-չմիանալու իր  դիրքով որոշ մեկուսացման մէջ յայտնուած էր: Աշխարհաքաղաքական նոր իրադրութեան  ուրուագծման ծրագիրի իրականացման մէջ Թուրքիոյ  դերին անորոշութիւնը անպատեհ առիթ չէր Անգարան ներկայացնելու նաեւ իբրեւ` կովկասեան տարածաշրջանին նկատմամբ  միջազգային ծրագիրներ խոչընդոտող:

Այս իրականութեան առընթեր կար նաեւ Գահիրէ-Անգարա գերլարուած յարաբերութիւններու իրավիճակը: Նախագահ Սարգսեան յաւելեալ առիթ ունէր իր դիրքերը կարծրացնելու եւ համապատասխան ուղերձ եւ ոճ օգտագործելու Անգարայի նկատմամբ:

Արտաքին այս պայմանները աւելի համոզիչ կը դարձնեն, երբ նկատի ունենանք նաեւ հետեւեալ փաստը: Թուրքիոյ նորընտիր նախագահը իր առաջին ելոյթը կ՛ունենար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին: Էրտողանի խօսքին պահուն ՄԱԿ-ի դահլիճին հազիւ կիսալեցուն պատկերը ցուցանիշ է Թուրքիոյ կիրարկած արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ միջազգային հանրութեան պահուածքին:

Ժամանակահատուածը, ամպիոնն ու առիթը օգտագործուած էին լիարժէք` Հայաստանի Հանրապետութեան առաջնորդին կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES