Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Մապարրա

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ` յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին հիւրընկալելով Մապարրան:

Պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին, ՀՄԸՄ-ի խումբը անհրաժեշտ բոլոր պատրաստութիւնները տեսաւ, թէ՛ փորձեր կատարելու, թէ՛ ալ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ կազմակերպելու իմաստով:

ՀՄԸՄ-ի նման բոլոր խումբերն ալ լաւ ձեւով պատրաստուած են նոր տարեշրջանին, եւ իւրաքանչիւր ակումբ ունի իր լաւ կազմուած խումբը:

Բնականաբար, կոլ նշանակող խումբը կ՛ըլլայ մրցումին յաղթականը եւ ոչ թէ կոլի վտանգաւոր առիթներ ստեղծողը:

Հետեւաբար, այս իրողութենէն մեկնելով, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը պահանջուի առաւելագոյն չափով կոլ նշանակել` տանելու համար յաղթանակը:

Եթէ մէկ կողմէ դաշտին վրայ կերտուելիք յաղթանակին մէջ իրենց կարեւոր դերը ունին մարզիկները, միւս կողմէ այլ կարեւոր դերակատարութիւն մը ունին ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք պէտք է խիտ շարքերով ուղղուին դաշտ եւ քաջալերեն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:

Եթէ այս երկուքը միատեղ կատարուին, կարելի կ՛ըլլայ միասնաբար յաղթանակը տօնել:

Վաղը` կիրակի, 28 սեպտեմբերին, բոլորիս ժամադրավայրը պէտք է ըլլայ, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտը եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի խումբը:

ՀՄԸՄ-ի գլխաւոր մարզիչն է Սամուէլ Պօղոսեան, իսկ օգնական մարզիչները` Դրօ Քէհէեան եւ Յակոբ Կիւլիւմեան:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս տարեշրջանի ՀՄԸՄ-ի կազմը.

ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.– Յարութ Սարգիս (խմբապետ), Խաչիկ Գերպապեան եւ Կարէն Խաչատուրեան:

ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Վարդան Պոյաճեան, Ալեք Ալճեան, Գօգօ Աւետիսեան, Յակոբ Գուճանեան, Մայքըլ Խալիֆէ, Շանթ Սինանեան, Յարութ Մումջողլեան եւ Սամի Շում:

ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Սերժ Չաքըրեան, Ճոնի Քոնճեան, Յակոբ Նաճարեան, Տիգրան Վարդան, Գէորգ Օհանեան, Սերժ Մելիքեան եւ Վարդան Յարութիւնեան:

ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Քրիսթիան Թիմունեան, Մամաս Քէհէեան, Վաչէ Ղուկասեան, Խաժակ Սինանեան եւ Սագօ Ազնաւուրեան:

Նշենք, որ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան երկու մրցումներ:

Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

Ամալ Թրիփոլի – Իժթիմահի` 1-2
Շեպիպեթ Մազրաա – Իսլահ Պըրժ Շիմալի` 3-1

Իսկ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով`

Ահտ – Թրիփոլի` 2-0
Սալամ Զղարթա – Շապապ Սահել` 1-0

Share this Article
CATEGORIES