Հարցազրոյց` ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբին Մարզիչ` Սամուէլ Պօղոսեանի Հետ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

10711758_10152748763144429_459069146_nԻնչպէս նախապէս հաղորդած ենք, այս շաբաթավերջին կը սկսի Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանը:

Այս առիթով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի մարզիչ Սամուէլ Պօղոսեանի հետ:

Ստորեւ` այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Բոլորն ալ տեղեակ են, որ իբրեւ ֆութպոլիստ անցեալին մաս կազմած էք ՀՄԸՄ-ի խումբին: Ի՞նչ ձեւով տեղի ունեցաւ ձեր վերադարձը Լիբանան` այս անգամ իբրեւ մարզիչ:

ՍԱՄՈՒԷԼ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին հետ իմ ունեցած անցեալի անմոռանալի տարիները ինծի համար կը մնան մէկական վառ էջեր` կեանքիս ընթացքին:

Ամիսներ առաջ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի պատասխանատուներէն առաջարկ մը ստացայ` ըլլալու խումբին գլխաւոր մարզիչը: Այս առաջարկը շատ սիրայօժար կերպով ընդունեցի, վերադառնալով Լիբանան անմիջապէս ստանձնեցի այդ պաշտօնը եւ այսօր երկու ամիսէ ի վեր կը մարզեմ խումբը:

«Ա».- Սփիւռքի մէջ ՀՄԸՄ-ը առաջին խո՞ւմբն է, որուն մարզիչի պաշտօնը կը ստանձնէք:

Ս. Պ.- Շատ շիտակ: Հայաստանի մէջ ստանձնած եմ տարբեր խումբերու մարզիչի պաշտօններ, սակայն սփիւռքի մէջ ՀՄԸՄ-ը առաջին խումբն է:

Հայրենիքի մէջ եղած եմ Ալաշկերտ-2-ի, Իմփուլս-2-ի, Բանանցի 13 տարեկանէն վար, ինչպէս նաեւ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ:

Յոյսով եմ, որ Հայաստանի մէջ ունեցած յաջողութիւններս կը շարունակեմ գտնել նաեւ ՀՄԸՄ-ի հետ:

Այստեղ նշեմ, որ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին մարզիչը չեմ միայն, այլ կը մարզեմ նաեւ ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու եւ ակադեմիայի խումբերը:

«Ա.».- Տարեշրջանի սկզբնաւորութեան նախօրեակին ֆութպոլի բարեկամական մրցումները լաւ արդիւնք տուի՞ն:

Ս. Պ.- Աշխարհի մէջ, չկայ ֆութպոլի խումբի մարզիչ մը, որ բարեկամական մրցումներու չի ձեռնարկեր փորձելու համար իր տրամադրութեան տակ գտնուող մարզիկները:

Անկասկած այդ բարեկամական մրցումները տուին իրենց դրական արդիւնքը, նախ այն իմաստով, որ կրցայ կազմել առաջին 11 հոգինոց խումբը` հիմնական կազմը:

Երկրորդ, այդ բարեկամական մրցումներուն ընդմէջէն եկանք ցոյց տալու Ա. դասակարգի խումբերուն, որ ունինք զօրաւոր կազմ մը:

Ախա Ահլի Ալէյի դէմ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով անոնց ցոյց տուինք մեր խումբին իսկական պատկերը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Անսարի դէմ մեր կատարած մրցումին, թէեւ պարտուեցանք, սակայն դաշտին մէջ ներկայ գտնուած համակիրները տեսան, որ ՀՄԸՄ սկսած է վերադառնալ իր անցեալի օրերուն, մինչ մրցակից կազմին մարզիկներն ու պատասխանատուները մեծ գովասանքով արտայայտուեցան մեր խումբին մասին:

«Ա.».- Ինչպիսի՞ խաղաոճ մը պիտի կիրարկէք ախոյեանութեան:

Ս. Պ.- Երբ առաջին անգամ ստանձնեցի մարզիչի պաշտօնս, ամէն ճիգ ի գործ դրի, որպէսզի կիրարկուի կարճ փոխանցումներու խաղաոճը: Ասիկա աւելի լաւ արդիւնք կու տայ խումբի մը համար, քան` երկար փոխանցումներով խաղցուած ֆութպոլը: Երբ կարճ փոխանցումներ կը կատարուին, յարձակումները կ՛ըլլան աւելի արագ եւ շատ լաւ կազմակերպուած:

Կը կարծեմ, որ բաւական յաջողեցայ իմ այս ծրագիրիս մէջ, որուն վրայ անշուշտ պիտի շարունակեմ իմ աշխատանքս:

Շատ կարեւոր է ունենալ կայուն խումբ մը:

«Ա.».- Նոր տարեշրջանին նախօրեակին ի՞նչ են ձեր նախատեսութիւնները:

Ս. Պ.- Մեր ամէն կարելին պիտի ընենք դաշտին վրայ կազմակերպուած յարձակումներ կատարելու, ըլլալու դաշտին տէրն ու տիրականը, մանաւանդ` կեդրոնը, առաւելագոյն կէտերը խլելու մեր մրցակիցներէն եւ գոհ ձգելու մեր համակիրները:

«Ա.».- Նկատի ունենալով, որ գործածեցիք համակիրներ բառը, այդ գծով ի՞նչ ունիք ըսելիք:

Ս. Պ.- Ըսելու պէտք չկայ, որ բառին իսկական առումով ՀՄԸՄ-ի համակիրները իրնց տեսակին մէջ եզակի եւ աննման են: Անոնք միշտ խումբին կողքին են` անոր լաւ եւ վատ օրերուն: Ես վստահ եմ, որ մեր կատարելիք առաջին իսկ մրցումէն սկսեալ, անոնք խուռներամ շարքերով պիտի ուղղուին դաշտ եւ քաջալերեն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները` ունենալով մարզավայել կեցուածք: Կասկած չկայ, որ անոնք իրենց խումբին պիտի վերադարձնեն անոր երբենի օրերը եւ իրենց տիրական ներկայութեամբ թրիպիւններուն վրայ փաստեն բոլորին, որ ՀՄԸՄ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող խումբերէն մէկն է:

«Ա.».- Աւելցնելիք որեւէ խօ՞սք:

Ս. Պ.- Յատուկ շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ին, որ ինծի հետ կատարեց այս հարցազրոյցը: Բոլորին նման իմ ալ փափաքս է, որ կարելի եղածին չափ շուտ ՀՄԸՄ վերադառնայ իր իսկական տեղը` Ա. դասակարգ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES